ՄՈՐԹԸ, ՄՈՐԹԻ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՄՈՐԹԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մորթը մեր մարմնին օրկաններէն մէկն է:

Չափահաս անձ մը ունի մօտաւորապէս 2 քառակուսի մեթր տարածութեամբ մորթ, որ կը կշռէ 4.5-5 քկ: Անիկա կը կազմէ մարմնի ծանրութեան 15 առ հարիւրը: Անոր 75 առ հարիւրը կազմուած է ջուրէ, 25 առ հարիւր բնասպիտէ եւ 2 առ հարիւր ճարպէ:

Մորթին հաստութիւնը կը տարուբերի տեղէ տեղ: Օրինակի համար, շրթունքի մորթը ունի 0.1 մմ հաստութիւն, իսկ ներբանի եւ ափի մորթը ունի 4 մմ հաստութիւն: Մորթը աւելիով կը հաստնայ շարունակ շփելով զայն եւ ճնշում բանեցնելով անոր վրայ:

Մորթին միջոցով մեր մարմինը հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ շրջապատին եւ արտաքին աշխարհին հետ:

Անիկա մեր մարմնի գեղեցկութեան հայելին է: Անիկա կը ներկայացնէ անհատի մը արտաքին վայելչութիւնը կամ տգեղութիւնը: Հետեւաբար առաւելագոյն չափով զգուշ ըլլալու ենք մեր մորթին մաքրութեան եւ առողջութեան:

Մորթը ունի որոշ յատկութիւններ` գոյն, կազմաւորում, տեսք, ճկունութիւն եւ առաձգականութիւն: Ֆիզիքական ճնշումով մորթին վրայ կը յառաջանայ ժամանակաւոր փոսիկ:

Մորթը վատ հաղորդիչ է ջերմութեան: Չոր մորթը դժուարութեամբ կը փոխանցէ ելեկտրական հոսանքը: Հակառակը կը պատահի խոնաւ եւ թաց մորթի պարագային:

Արեւու ճառագայթները կը ներթափանցեն  մորթին մէջ:

Անդրմանիշակագոյն ճառագայթները մորթին մէջ կը նպաստեն Տէ. կենսանիւթի արտադրութեան:

Այս յատկութիւնները կը տարուբերին անձէ անձ եւ  կախեալ են սեռէն, տարիքէն եւ ցեղային տարբերութիւններէն:

Մորթը կազմուած է երեք խաւերէ`

Ա. Վերնամորթ:
Բ. Ենթամորթ:
Գ. Ներքնամորթ:

Ա. Վերնամորթը մարմնին արտաքին պաշտպան պատն է, որ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ է մեր շրջապատին հետ: Վերնամորթը զուրկ է անօթային ցանցէ: Հոնկէ կը ծագին եղունգները:

Վերնամորթը կազմուած է հինգ ենթախաւերէ. առաջին խաւը կազմուած է մահացած բջիջներէ,  որոնք կը թափին երկու շաբաթը անգամ մը: Հինգերորդ խաւին մէջ զետեղուած են վերնամորթի նորաստեղծ բջիջները:

Վերնամորթի բջիջներուն 90 առ հարիւրը եղջերաբջիջներէ կազմուած են: Այս բջիջները կ՛արտադրեն եղջերանիւթ սպիտակուցը, որ կը պաշտպանէ մորթը եւ անոր յատակը գտնուող հիւսկէնները:

Մելանոսիթ բջիջները կը գտնուին վերնամաշկին ստորին խաւին մէջ, որոնք կը կազմեն վերնամաշկի բջիջներուն 8 առ հարիւրը: Անոնք կ՛արտադրեն մորթը գունաւորող նիւթը, որ կը կոչուի մելանին:

Բ. Ենթամորթին մէջ կը գտնուին`

ա. Մազի պարկիկները-արմատները եւ մազի ցօղունները: Մազի պարկիկները շարունակ մազի կազմաւորման աշխատանքի մէջ են: Մազի ցօղունները կ՛անցնին վերնամորթէն եւ դուրս կը ցցուին մորթի մակերեսէն:

բ. Ճարպագեղձերը, որոնք յարաբերութիւն ունին մազի պարկիկներուն հետ: Ճարպագեղձերը կը բացուին մազի պարկիկներուն եւ մազի ցօղուններուն մէջ:

գ. Քրտնաբեր գեղձերը, որոնք կը գտնուին մարմնի մորթին ամբողջ տարածքին եւ կը բացուին մորթին մակերեսը:

Ճարպագեղձերը եւ քրտնաբեր գեղձերը կը մատակարարուին ու կը ղեկավարուին մարմնի ինքնագործ ջղային դրութեամբ:

դ. Հարուստ անօթային ցանցը, որ կազմուած է զարկերակներէ, երակներէ եւ մազանօթներէ: Մորթը նկատուած է արեան մեծ շտեմարան մը: Մորթին ամբողջութեան մէջ կը շրջագայի մօտաւորապէս մարմնի ընդհանուր արեան 8-10 առ հարիւրը:

ե. Զգացողութեան ջիղերու ցանց մը: Այս ջիղերը կը փոխադրեն ցաւի, քերւըտուքի, ջերմութեան, դիպչելու եւ ճնշումի զգացողութիւնները:

զ. Առաձգական բնաթելեր, որոնք մորթին կու տան յատուկ առաձգականութիւն մը:

է. Թելամկանները, որոնք կը շրջապատեն մազի պարկիկները շեղակիօրէն: Մազերը կը շարժին թելամկաններու պրկումներով:

Գ. Ներքնամորթը հարուստ է ճարպով եւ աւելի մեծ զարկերակներով, երակներով եւ ջիղերով: Այս խաւն է, որ մեծ դերակատարութիւն ունի մարմնի ջերմութեան կանոնաւորման մէջ:

Մեր մարմնի մորթը որոշ տեղեր ծածկուած է մազով  եւ որոշ տեղեր անմազ է:

Ափը եւ ներբանը մազով չեն ծածկուած: Այս երկու վայրերու մէջ մորթը ունի չորս յատկութիւններ.

Ա. Մորթը ունի տարբեր-տարբեր ձեւերով գծաւոր փոսիկներ եւ բարձրութիւններ, որոնք իւրայատուկ են ամէն անձի մօտ: Այս գծաւորումը մատներուն կու տայ առանձնայատուկ մատնահետքեր, որոնք յաճախ կը գործածուին պետական մարմիններու կողմէ բացայայտելու համար ենթակային  ինքնութիւնը:

Բ. Վերնամորթը շատ աւելի հաստ եւ թանձր է, քան` մարմնի այլ բաժինները:

Գ. Մազի պարկիկները եւ ճարպագեղձերը բացակայ են:

Մազով ծածկուած մորթը ունի երկու հիմնական յատկութիւններ.

Ա. Հարուստ է ճարպագեղձերով:

Բ. Հարուստ է մազի պարկիկներով:

Մորթը ըլլալով մարմնի օրկաններէն մէկը` ունի շատ կարեւոր պարտականութիւններ.

Ա. Կ՛արտադրէ եւ կ՛արտաթորէ քրտինք:

Քրտինքը կ՛արտադրուի մորթին մէջ շարունակ, բայց փոքր քանակութեամբ: Արտադրուած քրտինքը կ՛արտաթորուի վերնամորթէն դուրս: Մթնոլորտային ջերմութեան բարձրացումով եւ ֆիզիքական աշխատանքով քրտինքի արտադրութիւնը եւ արտաթորումը կը բազմապատկուի: Քրտինքը կազմուած է ջուրէ, որ կը պարունակէ որոշ քանակութեամբ աղ: Տաք օրերուն եւ մարզանքի ընթացքին որոշ քանակութեամբ աղ կը կորսնցնենք առատ քրտինքի արտաթորումով: Բոլորս անընդհատ մեր մարմնի մակերեսէն կը կորսնցնենք ջուր: Այս մէկը կը կոչուի «անզգալական-անգիտակցական ջուրի կորուստ»: Քրտինքով ջուրի կորուստը կը կոչուի «զգալական-գիտակցական կորուստ»: Մարմնի որոշ վայրերուն մէջ մորթի քրտնաբեր գեղձերը կ՛արտադրեն բուրող քրտինք: Այս գեղձերը մասնաւորապէս կը գտնուին սեռական արտաքին օրկաններուն շուրջը, ականջացնցուղներուն մէջ, անութներուն եւ կրծքագեղձերուն վրայ:

Բ. Կը կանոնաւորէ մարմնի ջերմութիւնը:

Մեր մարմինը բնախօսականօրէն կը փորձէ հակակշռել եւ կամ համակերպիլ տարբեր միջավայրերու եւ տարբեր եղանակներու ջերմաստիճանի փոփոխութիւններուն հետ: Հիմնականօրէն մարմնի մորթն է, որ կը կատարէ այս աշխատանքը` պահելու համար մեր մարմնին ջերմաստիճանը բնականի սահմաններու մէջ:

Մեր մարմնին ջերմութիւնը կը պահուի մարմնի ջերմակարգաւորման յատուկ գործընթացով: Այս գործընթացը պայմանաւորուած է մարմնական ջերմառաջացումով եւ ջերմատուութեամբ- ջերմակորուստով:

Ջերմառաջացումը կը կանոնաւորուի մարմնի տարբեր օրկաններու եւ հիւսկէններու ջերմարտադրութեամբ:

Ջերմատուութիւնը տեղի կ՛ունենայ հիմնականօրէն մարմնի մակերեսէն եւ մասնակիօրէն շնչառական համակարգի խլնաթաղանթէն:

Մորթի ջերմատուութիւնը մարմնի մակերեսէն կ՛իրականանայ երեք ձեւերով.

ա. Շողարձակում:
բ. Անմիջական փոխանցում:
գ. Շոգիացում:

Շրջապատի ջերմութիւնը եւ խոնաւութիւնը անմիջականօրէն առնչուած են մարմնի ջերմատուութեան հետ:

Շրջապատի շատ խոնաւ օդի պարագային,  ջերմութիւն չենք կորսնցներ, որովհետեւ մարմնի մակերեսէն շոգիացում տեղի չ՛ունենար:

Անապատի տաք եւ չոր օդի պարագային,  ջերմառաջացում տեղի չ՛ունենար, սակայն մարմնի մակերեսէն տեղի կ՛ունենայ ջերմատուութիւն եւ ջուրի կորուստ հետեւեալ միջոցներով.

1. Ենթամորթին մէջ գտնուող քրտնաբեր գեղձերը կ՛արտադրեն առատ քրտինք, որ կը կորսուի շոգիացումով:
2. Մորթի թելամկանները կը մնան պառկած-հորիզոնական դիրքի մէջ եւ կը նպաստեն ջերմատուութեան:
3. Մորթի զարկերակները կ՛ընդլայնին, արեան շրջագայութիւնը կ՛արագանայ եւ ջերմատուութիւնը կ՛աշխուժանայ:

Ցուրտ եղանակներուն ջերմառաջացումը կ՛աշխուժանայ եւ ջերմատուութիւնը կը նուազի հետեւեալ միջոցառումներով.

1. Ուղեղի ջերմականոնաւորման կեդրոնի հրահանգներով մարմնին մկանները կը պրկուին, կը կծկուին եւ տեղի կ՛ունենայ դող ու ջերմառաջացում:

2. Քրտնաբեր գեղձերը նուազ քրտինք կ՛արտադրեն, շոգիացում տեղի չ՛ունենար եւ ջուրի ու ջերմի կորուստ չի պատահիր:

3. Մորթի մազերը կը մնան ցցուն վիճակի մէջ եւ արգելք կը հանդիսանան ջերմատուութեան:

4. Մորթի զարկերակները կը նեղնան, արեան շրջագայութիւնը կը դանդաղի եւ ջերմատուութիւնը կը նուազի:

Գ. Արգելք կը հանդիսանայ օտար մարմիններու եւ մանրէներու ներխուժումին մարմինին մէջ:

Դ. Կը պաշտպանէ ամբողջ մարմինը ընդհանրապէս եւ ենթամորթային հիւսկէնները մասնաւորապէս` արտաքին հարուածներէ եւ վնասներէ:

Ե. Կը զգայ արտամարմնական զանազան գրգռութիւններ, մասնաւորապէս` ջերմութիւն (տաք եւ պաղ), ցաւ, դիպչիլ-հպում եւ ճնշում:

Զ. Կ՛արտադրէ Տէ. կենսանիւթը:

Լոյսի անդրմանիշակագոյն ճառագայթները կը թափանցեն վերնամորթէն եւ կը հասնին ենթամորթ: Անոնց ներծծումը կը կանոնաւորուի մորթի գունաւորման չափէն: Լոյսի ճառագայթները մորթին մէջ ենթարկուելէ ետք շարք մը փոփոխութիւններու, կ՛արտադրուի Տէ. կենսանիւթը: Անդրմանիշակագոյն ճառագայթները  հասնելու են մորթ առանց որեւէ մէկ արգելքի, որպէսզի Տէ. կենսանիւթի արտադրութիւնը տեղի ունենայ առաւելագոյն չափով: Պատուհանի ապակիէն անցնող արեւու ճառագայթը բաւականաչափ օգտակար չէ այս կենսանիւթի արտադրութեան մէջ:

Է. Մարմնին կու տայ յատուկ գունաւորում:

Մարմնի գունաւորումը կ՛իրականանայ  վերնամորթին մէջ գտնուող մելանոսիթ բջիջներու կողմէ արտադրուած գունաւորման մելանին նիւթէն:

Ճերմակամորթութիւնը հետեւանքն է մելանինի  շատ քիչ քանակութեամբ արտադրութեան: Սեւամորթները կ՛ունենան մեծ քանակութեամբ մելանին իրենց մորթին մէջ: Մարմնի մակերեսի որոշ վայրերը կ՛ունենան աւելի թուխ գունաւորում, որովհետեւ այս վայրերուն մէջ բնականէն շատ աւելի քանակութեամբ մելանին կ՛արտադրուի: Այս վայրերն են` կրծքագեղձի պտուկին շուրջը, սրբանի եւ արտաքին սեռական օրկաններու միջեւ եղած տարածութիւնը:

Հակառակ որ մորթի գունաւորումը հիմնականօրէն հետեւանք է մելանինի  քանակաչափին, սակայն կան նաեւ այլ ազդակներ, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն կրնան ունենալ: Այս ազդակներն են.

ա. Ժառանգականութիւն եւ ծինային կազմաւորում:
բ. Արեւու անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու զօրութիւն եւ քանակ:
գ. Մորթի վերնամաշկի հաստութիւն:
դ. Մորթի առողջական վիճակ:
ե. Առողջ կամ յոռի սննդառութիւն:
զ. Մարմնական կարգ մը հիւանդութիւններ, օրինակի համար` դեղնախտ:
է. Մորթի զարկերակներու եւ մազերակներու իրավիճակ` ընդլայնում եւ նեղացում:
ը. Մորթի արեան արագ կամ դանդաղ շրջագայութիւն:
թ. Յղութիւն:

Մելանինի արտադրութիւնը յղութեան ընթացքին կը բազմապատկուի եւ այդ իսկ պատճառով յղի կիներ իրենց կրծքագեղձերու պտուկներուն շուրջը կ՛ունենան բնականէն աւելի թուխ գունաւորում:

Յաճախ մորթը կ՛ունենայ իւրայատուկ գունաւորումներ, օրինակի համար` դեղին մորթը հետեւանքն է վերնամաշկի բնականէն աւելի հաստ ըլլալուն եւ լեարդաբորբի: Կարմրագոյն մորթը հետեւանք է մորթի զարկերակներու եւ մազերակներու  ընդլայնումին եւ արեան շրջագայութեան բարելաւումին. տժգոյն մորթը հետեւանք է մորթի զարկերակներուն նեղացումին եւ արեան շրջագայութեան վատթարացումին. թուխ մորթը հետեւանք է մորթին մէջ մելանինի բնականէն աւելի արտադրութեան:

Ը. Մարմնի դիմադրողականութեան կարգաւորում:

Վերնամաշկին մէջ կը գտնուին յատուկ բջիջներ,  որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունին մարմնի դիմադրողականութեան կարգաւորման աշխատանքին մէջ: Երկարատեւ արեւի ճառագայթներուն ենթակայութեամբ` մարմնի դիմադրողականութիւնը կը նուազի:

Թ. Մարմնին կու տայ վայելչութիւն եւ բարեձեւութիւն:

Հոս տեղին է յիշել, որ մորթի կարեւոր պարտականութիւններու իրականացումը պայմանաւորուած է մորթի առողջութեամբ:

Հետեւեալ միջոցառումները կը նպաստեն մորթի առողջութեան.

1. Մորթի մաքրութիւն, այսինքն` ամէնօրեայ լոգանք:
2. Առողջ սննդառութիւն:
3. Ջուրի առատ սպառում:
4. Զգուշացում եւ խուսափում արեւու ճառագայթներէն:
5. Հանգստաւէտ հագուստներու գործածութիւն:
6. Կանխազգուշական միջոցառումներ` հեռու մնալու համար մորթային հիւանդութիւններու ախտապատճառներէն:

Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս, մորթը մարմնի օրկաններէն մէկն է: Անիկա մարմնի մնացեալ օրկաններուն նման կը ներկայանայ մեզի շատ մը հիւանդագին երեւոյթներով: Մորթը միակ օրկանն է, որ  կը յատկանշուի իր հարիւրաւոր հիւանդութիւններով:

Մորթային հիւանդութիւնները կը յայտնուին հետեւեալ ախտանշաններով.

Ցան-կարմիր ցան, չոր կամ հեղուկաւոր բշտիկներ, թարախոտ բշտիկներ, չորութիւն, կոշտութիւն, կարծրութիւն, պնդութիւն, առաձգականութեան կորուստ, թեփոտութիւն, քերւըտուք-քոր,

գունաւորումի փոփոխութիւններ, հերաթափութիւն, մազակալում, գերքրտնութիւն, ենթաքրտնութիւն, խոցեր եւ ուռեր:

Մորթային հիւանդութիւնները կը յառաջանան տարբեր-տարբեր պատճառներով: Հոս կ՛ուզեմ յիշել պատճառները եւ կարգ մը մորթային հիւանդութիւններ:

Ա. Ծինային եւ ժառանգական:

Կան շատ մը ծինային ախտանիշներ, որոնք կը յատկանշուին մորթային զանազան անբնական երեւոյթներով:

Բ. Սաղմի թերի կազմաւորում:

Սաղմի թերի կազմաւորումով կը յառաջանան ընդոծին արատներ: Այս թերութիւններէն են`

ա. Խալ, որ բնածին բիծ մըն է եւ կրնայ պատահիլ մարմնի որեւէ մէկ բաժնին վրայ:
բ. Ականջային կեղանք:
գ. Բազմամատութիւն:
դ. Մորթի աւելորդ կտորիկներ:

Գ. Արտաքին միջավայրային գրգռութիւններ եւ ազդակներ`

ա. Կրակ, բոց, տաք իրեր եւ հեղուկներ, շոգի, կայծակ, շողարձակում, արեւու  անդրմանիշակագոյն ճառագայթ, ելեկտրական հոսանք, քիմիական նիւթեր եւ թթուներ, որոնք կը յառաջացնեն տարբեր աստիճանի մորթի այրուածքներ եւ վէրքեր:
բ. Բոյսեր, ծառի տերեւներ, բեղմնափոշի, անասուններու մազ եւ լորձունք, որոնք կը յառաջացնեն մորթի գերզգայնութիւն:
գ. Անասուններու խածուածք եւ միջատներու խայթուածք: Միջատներէն կարելի է յիշել հետեւեալները` մժեղ, մեղու, տիզ, լու, որոնք կը յառաջացնեն մորթի վէրքեր, խոց եւ գերզգայնութիւն:

Դ. Օտար մարմիններու մուտքը մորթին մէջ, ինչպէս`

ա. Կարծր օտար մարմիններ կը յառաջացնեն վէրքեր եւ գերզգայնութիւն:
բ. Մազի մխրճումը մորթին մէջ, որ կը յառաջացնէ մորթի բորբոքած ծորան:

Ե. Արտաքին ճնշումի վնաս.

ա. Երկարատեւ անշարժութիւն անկողինի մէջ, որ կը յառաջացնէ խոց, վէրք եւ բորբոքում:
բ. Նեղ եւ կարծր կօշիկի գործածութիւն, որ կը յառաջացնէ կոշտուկ:

Զ. Եղանակային եւ մթնոլորտային ազդակներ` խոնաւութիւն, տաք եւ ցուրտ օդ: Տաք եղանակին կ՛ունենանք առատ քրտինք, իսկ ցուրտ եղանակին կրնանք ունենալ ցրտահարութիւն եւ խրամատային ոտք:

Է. Ուղղակի հարուած եւ վնաս, օրինակի համար` սուր գործիքային վէրք եւ մեքենական հարուած, որոնք կը յառաջացնեն վէրքեր, պատռուածք եւ բորբոքում:

Ը. Տարիքային հանգրուաններ եւ իրադարձութիւններ.

ա. Արբունք, յղութիւն եւ դաշտանադադար: Ասոնց պարագային տեղի կ՛ունենան մորթի յատկութիւններու փոփոխութիւններ, յատկապէս մարմնի որոշ մասերուն մէջ` գունաւորման փոփոխութիւններ եւ մազակալում:
բ. Տարեցութիւն, որուն պատճառով տեղի կ՛ունենան` կնճիռներու յայտնութիւն, մորթի կոշտութիւն, փափկութեան եւ սահունութեան կորուստ, գունաւոր կէտեր եւ բիծեր, նրբանօթներու լայնացում, սպիտակահերութիւն եւ հերաթափութիւն:

Թ. Կարգ մը դեղերու գործածութիւն եւ ներգործութիւն: Ասոնց պատճառով կը պատահի գերզգայնութիւն` մորթային զանազան ախտանշաններով:

Ժ. Մորթի գունաւորման խանգարումներ.

ա. Համայնական սպիտակամորթութիւն:
բ. Տեղայնական սպիտակամորթութիւն:

ԺԱ.Մորթի քրտնքաբեր գեղձերու խանգարումներ.

ա. Անհաճոյ քրտինքի հոտ:
բ. Քրտնաբեր գեղձերու բորբոքում:
գ. Գերքրտնութիւն:
դ. Սակաւաքրտնութիւն:
ե. Քրտնախաշ:

ԺԲ. Մորթի ճարպագեղձերու խանգարումներ.

ա. Ճարպագեղձերու բորբոքում:
բ. Քիթի փղախտ :

ԺԳ. Մազի պարկիկներու խանգարումներ.

ա. Համայնական հերաթափութիւն:
բ. Տեղայնական հերաթափութիւն:
գ. Պարկիկներու բորբոքում:
դ. Մազակալում:

ԺԴ. Վատ սննդառութիւն, որուն պատճառով մորթը կը կորսնցնէ իր յատկութիւններէն մաս մը եւ կը յառաջանան մորթի զանազան հիւանդութիւններու ախտանշաններ:

ԺԵ. Եղունգներու անբնական կացութիւն.

ա. Եղունգի շրջաբորբ:
բ. Մխրճուած եղունգ:
գ. Սնկագարութիւն:

ԺԶ. Մորթային ուռեր` քաղցկեղ եւ լաւորակ ուռեր:

ԺԷ. Մարմնական զանազան ներքին հիւանդութիւններ, որոնք կը յայտնուին մորթային ախտանշաններով:

ԺԸ. Յատուկ մորթային հիւանդութիւններ.

ա. Ինքնադիմադրողականութեան հիւանդութիւններ:
բ. Բշտիկաւոր վէրքեր:

ԺԹ. Երակային եւ զարկերակային խանգարումներ.

ա. Նրբանօթներու լայնացում:
բ. Կարմրամորթութիւն:
գ. Մոլաքոր-եղճատենդ, որ կը յատկանշուի կատաղի քերւըտուքով:
դ. Ծիրանացան:
ե. Երակաբորբ:
զ. Փտախտ:
է. Անօթներու արիւնախցում:
ը. Ժամանակաւոր սակաւարիւնութիւն:

Ի. Աւշային անօթներու խանգարումներ`
Աւշագեղձի ուռ:

ԻԱ. Բորբոքումներ:

ա. Ցպկային բորբոքումներ (bacterial)`
1. Թարախոտ մորթացան (impetigo):
2. Մկնուռախտ (furuncles):
3. Կարմրախտ (scarlet fever):
4. Սուսանակ-ջերմամիզութիւն (gonorrhea):
5. Կեղծմաշկ (diphtheria):
6. Թոքախտ:

բ. Սնկային բորբոքումներ` մորթային սնկախտ`

գ. Ժահրային բորբոքումներ`
1. Ձեռք-ոտք-բերան հիւանդութիւն:
2. Գերմանական կարմրախտ:
3. Վարդացան:
4. Կարմրախտ:
5. Կոծիծ:
6. Ջրծաղիկ:
7. Սողնախտ:
8. Սողնախտագօտի:
9. Ծաղկախտ:

դ. Մակաբուծային բորբոքումներ`
1. Ժանտատենդ:
2. Ոջլոտութիւն:
3. Քոսոտութիւն:

Մորթային հիւանդութիւններու ախտաճանաչումին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի հիւանդին պատմականը եւ հիւանդին մորթին իրավիճակը: Բժիշկը տեսնելով եւ քննելով հիւանդին մորթի իրավիճակը արդէն որոշ ախտաճանաչումի մը կը հասնի: Յաճախ մորթաբուժը կը ստիպուի շատ պզտիկ կտոր մը վերցնել անբնական մորթէն եւ կատարել յատուկ  ախտաբանական քննութիւն` հասնելու համար ճշգրիտ ախտաճանաչումի:

Մորթային հիւանդութիւնները ընդհանրապէս կը դարմանուին հակացպկային, հակաժահրային, հակասնկային, հակամակաբուծային դեղերով եւ քորթիզոնով: Քիչ պարագաներուն կը գործածուի այրելու դարմանամիջոցը եւ վիրաբուժութիւնը:

Մորթային հիւանդութիւններուն մեծամասնութիւնը դիւրաւ եւ շուտով կը դարմանուին. սակայն կան մորթային որոշ հիւանդութիւններ, որոնք կը պահանջեն երկարատեւ դարմանում եւ տեսակաւոր դեղեր:

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մոնրէալ, 5 օգոստոս, 2011

Share this Article
CATEGORIES