Փ. ՄԱՆՃԵԱՆ. «ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԻ»
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ պետական նշանակումները մօտիկ ապագային պիտի կատարուին:
Անդրադառնալով Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման հարցին` Մանճեան ըսաւ, որ յառաջիկայ օրերուն այդ հարցը պիտի յանգի յարմար լուծման:
Պատասխանելով տուրքերու յաւելման մասին հարցումի մը` Մանճեան նկատել տուաւ, թէ կառավարութիւնը սերտուած կերպով տուրքերու յաւելում պիտի կատարէ` նկատի ունենալով այն դասակարգերը, որոնք ի վիճակի են վճարելու:
CATEGORIES Լիբանանեան