«ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԷՄ ԻՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ` ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՏԱՐԱՆՋԱՏՈՒՈՂ ՌՈՒՄԲԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ» ՇԵՇՏԵՑ ՊԸՐՐԻ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող տարանջատուող ռումբերու վնասազերծման յատուկ խորհրդաժողովին մասնակիցները, որոնց ներկայութեան Պըրրի հարց տուաւ, թէ կարելի՞ է Իսրայէլը անջատել միջազգային առումով արգիլուած զէնքերէն ու զինամթերքէն կամ տարանջատուող ռումբերէն:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ իր պատերազմը շարունակեց Լիբանանի մէջ իր նետած տարանջատուող ռումբերուն եւ ականներուն ձգած հետեւանքով: Պըրրի յայտնեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ետք տարանջատուող այդ ռումբերը խլած են 51 լիբանանցիներու կեանքը:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ զինուորական գործողութիւններ չի կատարեր, սակայն ան Լիբանանը վերածած է պատերազմէն հաշմուած եւ տնտեսապէս անկար երկրի մը:

Պըրրի կոչ ուղղեց ամբողջ աշխարհին` զօրակցելու Լիբանանի մէջ ականներու եւ տարանջատուող ռումբերու վնասազերծման աշխատանքին` մաղթելով, որ Լիբանան կը վերածուի տարանջատուող ռումբերէ զուրկ երկրի մը:

Միւս կողմէ, չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումի շրջագիծին մէջ Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ շարք մը երեսփոխաններու հետ, որոնց շարքին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Արթիւր Նազարեանի:

Պըրրի երեսփոխաններուն ներկայացուց նախանցեալ երեկոյեան Ռուսիոյ նախագահական պատուիրակին` Միխայիլ Մարկելովի հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:

Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը, որ պիտի արծարծուի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստին ընթացքին:

Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխանները խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեցին նաեւ մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքին կատարած յայտարարութիւններուն մասին դրսեւորուած թեր եւ դէմ մեկնաբանութիւնները:

Պըրրի շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին կեցուածքները ազգային տեսակէտներ են, որոնք կը դրսեւորեն Լիբանանի ազգային կեցուածքները` Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի զարգացումներուն մասին:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերուն:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ կէս ժամ տեւող հանդիպում մը ունեցաւ Պըրրիի հետ, ապա մեկնեցաւ` մերժելով մեկնաբանութիւններ կատարել:

Յայտնենք, որ կէսօրէ առաջ Պըրրի խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց Ռայի պատրիարքին Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Ռայի պատրիարքին կողմէ Փարիզի մէջ դրսեւորուած կեցուածքներն ու նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ապահովութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման հարցը, որուն լոյսին տակ Պըրրի Փիեթոնէն խնդրեց ֆրանսական իշխանութիւններէն պահանջել, որ միջամտեն Լիպիոյ մօտ` բացայայտելու համար Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման ճշմարտութիւնը:

Փիեթոն, որ խորհրդարանէն մեկնելու պահուն մերժեց մեկնաբանութիւններ կատարել, յետմիջօրէին հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ալ Քալիմա օնլայն» կայքէջին հետ:

Հարցազրոյցին ընթացքին Փիեթոն շեշտեց, որ ֆրանսական պետութիւնը յուսախաբ եղած է Ռայի պատրիարքին արտայայտած կեցուածքներէն` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը նշած է, թէ սուրիական վարչակարգին տապալումի պարագային քրիստոնեաները կրնան վտանգի ենթարկուիլ` աւելցնելով, որ Սուրիա կ՛երաշխաւորէ քրիստոնեայ համայնքին գոյութիւնը, «մինչդեռ Փարիզ կը հաւատայ, որ ժողովրդավարութեան վարչակարգն ու բազմազանութիւնը կ՛ապահովեն բոլոր քաղաքացիներուն, որոնց մէջ նաեւ քրիստոնեաներուն իրաւունքները», ըսաւ ան:

Փիեթոն աւելցուց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Ռայի պատրիարքին, որպէսզի պարզաբանութիւն պահանջէ անոր կեցուածքներուն մասին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES