ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երէկ կէսօրէ ետք կառավարութեան նիստին ընթացքին արծարծուելիք օրակարգը:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի հետ: Քննարկուեցան զոյգ նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Եոնկ Հալին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Նախագահ Սլէյման Մայրիներու բարձրագոյն սպայի շքանշանով պարգեւատրեց Հալին` գնահատելով անոր դերակատարութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացման իմաստով:

Share this Article
CATEGORIES