ԳԱՂՈՒԹԷ – ԳԱՂՈՒԹ

ՊՈԼԻՍ

ՇՆՈՐՀՔ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ
ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 23-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

7 մարտ 2011-ին լրացաւ երջանկայիշատակ Շնորհք պատրիարքի վախճանման 23-րդ տարին: Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան աթոռի 82-րդ գահակալը 29 տարուան շրջանով եղաւ ախոյեանը իր 81 երջանկայիշատակ նախորդներուն եւ հետեւորդը` Յովհաննէս Կոլոտ, Յակոբ Նալեան, Մկրտիչ Խրիմեան, Ներսէս Վարժապետեան, Խորէն Աշըգեան, Մաղաքիա Օրմանեան, Եղիշէ Դուրեան, Զաւէն Տէր Եղիայեան, Մեսրոպ Նարոյեան, Գարեգին Խաչատուրեան եւ այլ մեծանուն պատրիարքներու:

Անատոլուի զաւակ, փոքրիկն Արշակ, պատերազմի տարիներուն ճաշակեց որբութեան դառնութիւնը, օտարներէն սորվեցաւ հայերէն կարդալ գրելը, մանկութիւնը ապրեցաւ որբանոցի մէջ, ապա ժառանգաւոր սան դարձաւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան:

Աշակերտելով արմաշական հայրերու` միշտ իր մէջ պահեց Արմաշու հոգին: Պաշտօնավարեց Ամերիկայի հայ համայնքներու եւ շատ մը այլ երկիրներու մէջ, բայց վերադարձաւ Երուսաղէմ եւ եղաւ լուսարարապետ: Պոլսոյ մէջ դարձաւ գործակից երջանկայիշատակ, տրապիզոնցի Գարեգին պատրիարք Խաչատուրեանին, որուն յաջորդեց հետագային:

1961-ին եղաւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք: Իր 29 տարիներու գահակալութեան ընթացքին նորոգուեցան բազմաթիւ եկեղեցիներ ու վարժարաններ, հրատարակուեցան գիրքեր: Ան հայ եկեղեցին ու անոր ուսուցումը պաշտպանեց որպէս հոգեւորական եւ ուխտաւոր, հայ լեզուին ծառայեց որպէս հայ գրիչի մշակ: Ան եղաւ գաւառի զաւակ:
ԹԵՀՐԱՆ

ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ
ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Նախաձեռնութեամբ Իրանի Հայ արհեստաւորներու միութեան, 18 փետրուարին Թեհրանի «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նուիրուած Փետրուարեան ապստամբութեան տարեդարձին:

Օրուան դասախօս Թորգոմ Տէր Յակոբեան ամփոփ կէտերով ներկայացուց Փետրուարեան ապստամբութեան պատճառ հանդիսացած պայմանները եւ դրդապատճառները, պատմական տուեալները,  որոնք յանգեցան Խ. Միութեան դէմ առաջին ժողովրդական ընդվզման եւ արձանագրուած յաղթանակին: Ան նաեւ անդրադարձաւ հետագայ զարգացումներուն: Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հարցում պատասխանի բաժին:

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ`
ԻՐԱՆ-ԻՐԱՔ ՊԱՐՏԱԴՐԵԱԼ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ
ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Վերջերս, Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան             32-րդ տարեդարձին առթիւ, Նոր Ջուղայի հայոց գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին նահատակուած հայ զինուորներ` Վրէժ Բաղումեանի, Ռայմոնդ Բաղրամեանի եւ Վարդան Աբրահամեանի շիրիմներուն վրայ:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք խօսք առաւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան երեսփոխան Ռոպերթ Բեգլարեան: Ան յայտնեց,  թէ նահատակները ազնիւ եւ համեստ ընտանիքներու զաւակներ էին, աւելցնելով, որ ընդհանրապէս համայնքը, երկիրը, ժողովուրդն ու ազգերը կը պահպանուին այն զինուորներուն միջոցով, որոնք ծնած են ամէնէն ազնիւ եւ խոնարհ ընտանիքներուն մէջ: Ան շեշտեց, որ պէտք է հպարտանալ այս նահատակներով,  անոնց ցուցաբերած կամքով եւ յիշատակով:

Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս զինուորներն ու նահատակները Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմին մէջ նուիրեցին իրենց ամենաթանկը` իրենց կեանքը, մնացին իրենց քաղաքացիական պարտականութեան պատնէշին վրայ եւ իրենց արիւնը թափեցին երկրի գերիշխանութեան եւ ամբողջականութեան համար: Սրբազան հայրը իր խօսքը ուղղելով նահատակներու հարազատներուն` յորդորեց զանոնք բարձր պահելու իրենց ճակատը եւ հպարտ ըլլալու, որ նման զաւակներ ունեցած են:

ՍԻՐԱՅԻՆ ԱՍՄՈՒՆՔԻ
ԵՒ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅ

Նախաձեռնութեամբ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Սկաուտական միութեան, 3 մարտին «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրային ասմունքի ու երգերու երեկոյ` նուիրուած միութեան հիմնադրման   60-ամեակին:

Ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցան 25 ասմունքային կտորներ, մեներգեր ու զուգերգեր:

Հայաստանի եւ սփիւռքի  հեղինակներու երգերու կողքին, հնչեցին սիրային կտորներ իրանահայ բանաստեղծներ` Վարանդի, Սեթոյի, Էլայիսայի, Ատանայի եւ Սօսէի գործերէն:

Աւարտին բեմ հրաւիրուեցան Վարանդը եւ Աւստրալիայէն ժամանած դերասանուհի-ասմունքող Յասմիկ Տէր Կարապետեանը, որոնք իրենց քաջալերանքի, սիրոյ եւ խրախուսանքի արտայայտութիւնները ուղղեցին երիտասարդ կատարողներուն:

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

4 մարտին Թեհրանի Սասուն քաղաքամասի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ,  նախագահութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` սումկայիթեան զոհերու յիշատակին:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նշեց, որ Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերու զոհերը նոյնպէս կը դասուին Ցեղասպանութեան զոհերու շարքին, որովհետեւ անոնք անմեղօրէն զոհ գացին մարդու ամենատարրական իրաւունքին` ազգային պատկանելիութեան համար: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ անոնց թափած անմեղ արեամբ արդէն իսկ սկսած էր ղարաբաղեան ինքնապաշտպանութիւնը:

Արարողութեան մասնակցած Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեան «Ալիք»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ համաշխարհային հանրութեան մօտեցումը այս կապակցութեամբ, յայտնեց, թէ պայմանները բարենպաստ են տեղեկատուութեան համար դաշտ ստեղծելու գծով, որպէսզի համաշխարհային հանրութեան մօտ ճիշդ կարծիք ձեւաւորուի այս մասին: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ այդ դէպքերու ոճրագործները ստանան իրենց պատիժը եւ դէպքերուն տրուի համապատասխան գնահատական:

ԻՐԱՆԻ ԱՍՏՂԱԲՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՅՐ
ԱԼԵՆՈՒՇ ՏԷՐԵԱՆ ԿՆՔԵՑ ԻՐ ՄԱՀԿԱՆԱՑՈՒՆ

5 մարտին 90 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց աստղագէտ-բնագէտ դոկտ. Ալենուշ Տէրեան` Իրանի առաջին կին բնագէտ-դասախօս, Թեհրանի պետական համալսարանի Երկրաբնագիտութեան եւ աստղաբնագիտութեան հաստատութեան հիմնադիր: Զինք կոչած են «Իրանի արեգակնային մայր»:

Ան իր կենդանութեան ատեն արժանացաւ թէ՛ Իրանի պետական այրերու, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ իրանահայ ազգային մարմիններու գնահատանքին:

Թէ՛ միութեան անդամուհիները եւ թէ՛ Թեհրանի Հայ կանանց բարեգործական ընկերութեան նախագահուհի Անետ Այվազեան, Ալենուշ Տէրեանի կենդանութեան օրերուն չխնայեցին իրենց բարոյական աջակցութիւնը` անոր հանդէպ:

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԹԵՀՐԱՆ

3 մարտին, Թեհրանի Սարդարապատ քաղաքամասի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` ձեռամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի: Պատարագի ընթացքին սրբազանը գնահատեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ընտանիքը, անդրադարձաւ Վարդանանց հերոսամարտին նախորդող իրադարձութիւններուն, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումին եւ հայ գիրերու գիւտին, որոնք մղիչ ուժ հանդիսացան, որ Վարդանանք կուռ հաւատքով գօտեպնդուած եւ Աստուածաշունչէն ներշնչուած` անհաւասար պայքար մղեն հայ ժողովուրդի ազգային ինքնուրոյնութիւնն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար: Սրբազան հայրը յորդորեց ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւել` առաջնորդուելով Վարդանանց ոգիով:
ՆՈՐ ՋՈՒՂԱ

3 մարտին, Ս. Վարդանանց տօնին առիթով, Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի եւ երգեցողութեամբ Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբին:

Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ անդրադառնալով Վարդանանց պատերազմին` յայտնեց, թէ Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց հաւատքի ոգին շարունակուեցաւ բոլոր ազատագրական պայքարներուն մէջ,  աւելցնելով, որ վահանեան, սարդարապատեան եւ արցախեան պատերազմներու հերոսները նոյնպէս շարունակեցին պայքարիլ հաւատքի ոգիով: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը կոչ ուղղեց ներկայ գտնուող աշակերտներուն` հայութեան շունչով ոգեւորուած ապրելու իրենց ամէնօրեայ կեանքին մէջ, նաեւ` անաղարտ պահելու մեր լեզուն եւ պահպանելու մեր ինքնութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքը:

Նոյն օրը երեկոյեան Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ միութեան Մշակութային միաւորին, տեղի ունեցաւ բանախօսական եւ գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած Վարդանանց տօնին:
ՔԻԵՒ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

26  փետրուարին Քիեւի «Մեմորիալ» կեդրոնի շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ծանր ժամանակաշրջանի մասին պատմող Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ» ժապաւէնը:

Նախքան ժապաւէնի ցուցադրութիւնը` «Անալիթիքա» տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնի փորձագէտ Երուանդ Երուանդեան ներկայացուց օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ խօսեցաւ Պաքուի, Մարաղայի եւ Սումկայիթի հայերու ջարդերու մասին:

Ե. Երուանդեան ներկայացուց «Սովորական ցեղասպանութիւն» շարքէն վաւերագրական ժապաւէններ, ուր ներկայացուած են 1988-1992 թուականներուն Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան կոտորածները եւ արտաքսումները:

Ներկաները նաեւ հնարաւորութիւնը ունեցան ծանօթանալու ազրպէյճանական քարոզչութիւնը յայտնաբերող  http://xocali.net / կայքէջին:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ՍԱՆԹԱ ՔԼԱՐԻԹԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵԾԱՐՈՒԻՆ

Սանթա Քլարիթա հովիտի Ս. Սարգիս Հայց. եկեղեցւոյ 5-ամեակին եւ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով, 20 փետրուարին, թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ մէջ:

Նոյն օրը, երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ամպրոժիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր: Ելոյթ ունեցան` Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան, եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Մանօ Սիւքունեան, ծուխի Ծխական խորհուրդի առաջին ատենապետ Վարդան Վահրամեան եւ Տիկնանց միութեան ատենապետ Յասմիկ Թապաղեան:

Եկեղեցւոյ 5-րդ տարեդարձին առիթով սրբազան հայրը օրհնութեան գիրով գնահատեց հետեւեալ հաւատացեալներուն մատուցած ծառայութիւնները. Վարդան Վահրամեան (Ծխական խորհուրդի առաջին ատենապետ), Թագուշ Կարապետեան (Տիկնանց միութեան առաջին ատենապետ),  Արուսեակ Մարտիրոսեան (երգչախումբի ղեկավար), Օննիկ Ուսարսլանեան (բարերար), Տօնարա Սիմոնեան եւ Ալիս Եազկիւլեան` իբրեւ նուիրեալ ծառայողներ:

ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ԱՆՃԵԼԱ ՍԱՐԱՖԵԱՆ`
«ՏԸ ԹՈՒԱՅԼԱՅԹ ՍԱԿԱ» ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՄԷՋ

Լոսանճելըսաբնակ հայ դերասանուհի Անճելա Սարաֆեան, որ ծնած է Երեւան եւ չորս տարեկանին, ծնողքին հետ հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ընտրուած է խաղալու շուտով նկարահանուելիք «Տը թուայլայթ սակա` պրէյքինկ տօուն» ժապաւէնին մէջ, որ շարժապատկերի սրահներուն մէջ պիտի սկսի ցուցադրուելու նոյեմբեր 2011-ին:

Անճելա Սարաֆեան նորեկ դերասանուհի մը չէ. ան զանազան դերեր ստանձնած է պատկերասփիւռի եւ շարժապատկերներու ժապաւէններու մէջ:

Ա. Սարաֆեան, Ճէյմի Քենետիի կողքին, գլխաւոր դեր պիտի ստանձնէ նաեւ նախապատրաստական փուլի մէջ գտնուող եւ Հայաստանի մէջ նկարահանուելիք Գոռ Գրիգորեանի բեմադրութեամբ «Լոսթ էնտ ֆաունտ ին Արմինիա» ժապաւէնին մէջ:

ԿԱՐՖԻԼՏ ԶԲՕՍԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ԿՈՉ

Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի չորրորդ ընտրաշրջանի աթոռի թեկնածու Սթեֆըն Պաքս իր ձայնը միացուցած է շրջանի հայ համայնքին ու «Կարֆիլտ զբօսայգիի բարեկամներ» կազմակերպութեան` պահանջելով, որ Հոլիվուտ եւ Կարֆիլտ թաղերուն անկիւնը ծրագրուող զբօսայգիի հիւսիսային շրջանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը հաստատուի:

Պաքս, որ շրջանին մէջ զբօսայգիներ հաստատելու գաղափարին ջատագով մըն է,  նաեւ կը շեշտէ, թէ նման յուշարձանի մը ծրագիրին իրականացումը իրարու քով պիտի բերէ համայնքին անդամները ու պիտի ըլլայ հաւաքներու վայր մը:

ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ
ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Կլենտէյլի համայնքային համալսարանը կը տեղեկացնէ, թէ հայերէնի երկու դասընթացքներ պիտի հաստատուին համալսարանին մէջ:

30 ապրիլէն 3 յունիս երկարող ժամանակաշրջանին տրամադրուելիք սոյն դասընթացքներէն առաջինը` «Խօսակցական սկսնակ հայերէն»ն է, իսկ երկրորդը` «Սորվէ՛ հայերէն այբուբենը»:

Նիւթերը պիտի դասաւանդուին դոկտ. Օննիկ Հայրապետեանին կողմէ, որ ուսուցչութեան 35-ամեայ փորձառութիւն ունի:
ՔԱՆԱՏԱ

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի, նախագահութեամբ Հմայեակ եւ Շաքէ Ամենճեան ամոլին, կազմակերպութեամբ Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ գործադիր մարմինին,  26 փետրուարին Մոնրէալի Սեն Մարոն տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ, որուն ընթացքին մեկնաբանուեցաւ հայ եկեղեցական երաժշտութեան գոհարներէն փունջ մը, որոնց մշակումը կատարած էր երաժիշտ եւ յօրինող Սարգիս-Վաչէ Պոյաճեան:

Համերգին համար կազմուած էր միացեալ մեծ երգչախումբ մը` խմբավարութեամբ Լոռի Անթունեանի: Համերգին հիւրաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին սոփրանօ Արմինէ Գասապեան, թենոր Էլի Պէրպէրեան եւ դաշնակահար Խաչատուր Ղազարեան:

Համերգի աւարտին Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ քհնյ. Գոյունեան Ազգային առաջնորդարանին կողմէ յուշանուէրներ յանձնեց համերգի նախագահ Հմայեակ Ամենճեան ամոլին, մշակումներուն հեղինակ Սարգիս-Վաչէ Պոյաճեանին, խմբավար Լոռի Անթունեանին, մեներգողներ Արմինէ Գասապեանին եւ Էլի Պէրպէրեանին եւ դաշնակահար Խաչատուր Ղազարեանին:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES