ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Բանախօս Լ. Շառոյեան յուշանուէր մը կը ստանայ Առնաութեան եպս.ին ձեռամբ: Կեդրոնը` ՀԿՄ-ի ատենապետ Սարգիս Քէշիշեան:

Դամասկոս ունի փոքրաթիւ, բայց հին հայ գաղութ մը: Եւ այդ գաղութին մէջ ուրոյն եւ կարեւոր տեղ ունի հայ կաթողիկէ համայնքը` իր առաջնորդարանով, դպրոցով ու մշակութային-ընկերային գործունէութեամբ, որ առաւելաբար յառաջ կը տարուի Հայ կաթողիկէ միութեան ճամբով ու անոր երդիքին տակ:

Տասնամեակներէ ի վեր Հայ կաթողիկէ միութեան աւանդական ձեռնարկներէն մին եղած է Վարդանանցի տօնակատարութիւնը, որ կը սարքուի շատ աւանդապահ ու լուրջ մօտեցումով եւ բարեբախտաբար ամբողջ գաղութին կողմէ ալ կ՛ընկալուի խանդավառութեամբ, գնահատանքով:

Այդպէս պատահեցաւ նաեւ այս տարի: ՀԿՄ-ի վարիչները գործի լծուեցան կրկին, զօրաշարժի ենթարկեցին իրենց ուժերը եւ շաբաթներու վրայ երկարող նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, մեծաթիւ հանդիսականներու առջեւ բացին Վարդանանց տօնի 1560-ամեակի հանդէսին վարագոյրը…:

Ձեռնարկը կայացաւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից «Ամինեան» հանդիսասրահին մէջ, կիրակի, 6 մարտ 2011-ին, Բուն Բարեկենդանի օրով, հովանաւորութեամբ համայնքին վիճակաւոր Յովսէփ եպս. Առնաութեանի: Իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը պատուած էին նաեւ դամասկահայոց առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան, Զմմառու վանքին (Լիբանան) մեծաւորը` Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան, քահանաներ, կրթական մշակներ:

Հանդէսը բացուած յայտարարեց համայնքին երիտասարդ ժողովրդապետը` Գէորգ վրդ. Պահէեան, որ կարճ խորհրդածութիւն մը ըրաւ Աւարայրէն փոխանցուած «իմացեալ մահ»ի գաղափարին շուրջ, այնուհետեւ բեմը ձգեց գեղարուեստական յայտագրին:

Ամբողջ այս յայտագիրը գործադրուեցաւ ՀԿՄ-ի եռանդուն վարիչներուն հսկողութեամբ, որոնք կարգաւ բեմ հանեցին իրենց շրջանակին թէ՛ երեխաները, թէ՛ պատանիները, թէ՛ երիտասարդները: Այսպէս, նախ բեմին վրայ երեւցան Հայ քոյրերու միաբանութեան Ծաղկանց մանկապարտէզի փոքրիկներ, որոնք հաւաքաբար թոթովալից արտասանութիւններ կատարեցին` Վարդանանց հերոսներուն ձօնուած: Յետոյ եկան «Լոյս» վարժարանի նախակրթարանի բաժնէն պատանիներ, որոնք թէ՛ երգեցին, թէ՛ արտասանեցին. ի գործ դրուեցաւ նաեւ նուագ ու մենապար մը: Բեմին խորքը զետեղուած Քաջն Վարդանի կարմրագոյն նկարին շուքին տակ օրուան պատշաճ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ այսպիսով:

Լեւոն Շառոյեան` Հալէպէն ժամանած օրուան հիւր բանախօսը, մամուլի երկարամեայ աշխատակից եւ գրականագէտ, ունեցաւ շատ տպաւորիչ ելոյթ մը, որ քանիցս ծափահարութիւններով ալ ընդմիջուեցաւ:

Շառոյեան նախ դիտել տուաւ, որ տարուան մէջ երեք տօներ կամ թուականներ կան, որոնք պէտք է մեզ համախմբեն ազգային վսեմ ու գօտեպնդիչ գաղափարներու շուրջ. Վարդանանք, Մեծ եղեռնի ոգեկոչում եւ Թարգմանչաց: Համահայկական նկարագիր ունեցող յուշատօներ են ասոնք, որոնք կը քալեն մեր ժողովուրդին ներկային հետ եւ ունին զօրութիւնը` բարերար ներգործութիւն սփռելու մեր ապագային վրայ:

Այնուհետեւ, խօսելով Աւարայրի հերոսամարտի դրուագներուն ընդմէջէն իրենց գլուխը ցցող քանի մը երեւելի դէմքերու մասին, բանախօսը կեդրոնացաւ Վարդանի, Ղեւոնդ Երէցի, Յովսէփ կաթողիկոսի կամ ճակատամարտին մասնակցած անուանի միւս նախարարներուն դրական ու սիրելի դիմագծութեան վրայ եւ զանոնք հակադրեց Վասակ Սիւնի մարզպանին, որ պատմութեան մէջ մնաց իբրեւ յաւէտ մերժուած «դաւաճան» մը: Բացատրեց, թէ Վարդանանք ինչպիսի՜ ներշնչումի անսպառ աղբիւր եղած են մեր գրողներուն, արուեստագէտներուն կամ երաժշտահաններուն համար:

Շատ հետաքրքրական ու հանրամատչելի վերլուծումներով, նաեւ` իրեն յատուկ դիւրահաղորդ ու սրտախօսիկ ոճով մը, Լ. Շառոյեան հրաւիրեց դամասկահայ ունկնդիրները լաւապէ՛ս խորհրդածելու 1560-ամեակ մը նշելու արտասովոր երեւոյթին մասին, որ ամէն բանէ առաջ հարուստ ու փառաւոր պատմութիւն մը կ՛ենթադրէ: Նոյնքա՛ն փառաւոր, որքան է՛ հայ մշակոյթը եւս, որ 1600 տարուան անցեալ մը ունի` գիրերու գիւտին, Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան եւ հայագիր դպրութեան սկզբնաւորութենէն ի վեր:

Մնալով Ե. դարու ծիրին մէջ` բանախօսը առանձնաբար վեր առաւ նաեւ երկու դէմքեր. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Վարդան Մամիկոնեան: Հարց տուաւ, թէ անոնց յղած պատգամները առ այսօր կը հասնի՞ն մեզի: Կոչ ուղղեց ամրօրէն փարելու հայոց լեզուին, որ այսօր ահաւոր անկումի մը սեմին կը գտնուի, մինչ ատիկա երկհազարամեայ գանձ մըն է, որուն վրայ պէտք է գուրգուրալ մեր աչքին բիբին պէս, պաշտպանել զայն կորուստէ ու մաշումէ…:

Խորապէս տպաւորիչ այս բանախօսութեան աւարտին բեմը գրաւուեցաւ Դամասկոսի ՀԿՄ-ի համբաւաւոր «Քնար» երգչախումբին կողմէ: Երկսեռ այս երգչախումբը, որ ներկայիս կը հաշուէ աւելի քան 40 անդամ, դամասկահայոց մշակութային տարեգրութեան մէջ ունի շուրջ կէս դարու վաստակ մը, ու իր տեղն ու դերը համազօր են Հալէպի «Զուարթնոց»ին, Փարիզի «Սիփան-Կոմիտաս»ին կամ Պուէնոս Այրեսի «Արաքս»ին: Միով բանիւ, երաժշտութեան ճամբով, մշակոյթի փեթակ մը ինքնին, որ բոյր ու համ կը բերէ միշտ գաղութին հայկական ձեռնարկներուն:

«Քնար» երգչախումբը իր երիտասարդ խմբավարին` Շանթ Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ հրամցուց չորս երգեր (Վլատիլէն Պալեանի յօրինումով` «Մուսա լեռ», Աշուղ Ջիւանիէն` «Աւարայրի դաշտը», Առնօ Բաբաջանեանէն` «Մեր սիրելի Երեւան» եւ վերջին մը` «Վարդանանք հայոց»): Այս երգին մենակատարներն եղան Ժոզեֆ եւ Ժան-Փիեռ Իսկենտերեան եղբայրները: Դաշնամուրի վրայ երգչախումբին կ՛ընկերանար Առնօ Քէշիշեան:

Հանդէսին փակման խօսքը վերապահուած էր Առնաութեան եպիսկոպոսին, որ հայրաբար գնահատանքի խօսքեր բերաւ յայտագրին մասնակցող անհատներուն եւ խմբակներուն հասցէին: Խորհրդածութիւններ ըրաւ Վարդանանց հաւատքին ու քրիստոնէական ապրումներուն մասին` շեշտելով, որ «ազատութեան ծառը կը ջրուի լոկ նահատակներու արիւնով»:

Երեկոն վերջ գտաւ երգչախումբին հնչեցուցած Հայաստանի ազգային օրհներգով:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES