ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Ուրբաթ, 4 մարտ 2011-ին «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»ի յարկին տակ տեղի ունեցաւ Վարդանանց յիշատակի ոգեկոչում` խումբ մը տարեցներու հետ:

Օրուան բանախօսն էր Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան, հոգեւոր հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ: Ան իր խօսքին մէջ արժեւորեց այս հերոսամարտին բարոյական իմաստը` շեշտելով հայրենասիրութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանման ու զանոնք յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցման կարեւորութիւնը:

Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Քարմեն Աճէմեան, որ հայրենասիրական երգերով ոգեւորեց մամիկներն ու պապիկները` ստեղծելով ուրախ մթնոլորտ:

Տարեցները ճաշակեցին հայկական աւանդական մանթըն, որ տրամադրուած էր ճաշարան «Ծառ»ին կողմէ, ինչպէս նաեւ պտուղ, անուշեղէն եւ սուրճ, որոնք տրամադրուած էին այլ բարերարի մը կողմէ: Ձեռնարկին օժանդակեցին կամաւոր կիներ:

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»ը տարեցներու նիւթաբարոյական օժանդակութեան կողքին, տարուան ընթացքին զանազան տօնական առիթներով կը կազմակերպէ ընկերային հաւաքներ` զանոնք միօրինակ կեանքէն դուրս բերելով, ուրախացնելով, հոգեւոր եւ ընկերային մթնոլորտ ստեղծելով:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր կամաւորներուն եւ նուիրատուներուն` մաղթելով, որ օր մը գաղութիս հաւաքական ճիգերով կարելի կ՛ըլլայ տարեցներուն համար յատուկ մնայուն  «ակումբ» մը ստեղծել:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES