ՄՈՐԹԻ ԱՅՐՈՒԱԾՔՆԵՐ

Մորթի այրուածքներու մասին խօսելէ առաջ պէտք է խօսինք մորթի կազմաւորումին եւ դերակատարութեան մասին: Մորթը ունի կարեւոր պարտականութիւններ. ան կը կանոնաւորէ մարմինին հեղուկային իրավիճակն ու մարմինին ջերմութիւնը եւ կը պաշտպանէ մարմինը շրջապատի մանրէներէն ու ժահրերէն: Այս դերակատարութիւնը կը խախտի, երբ տեղի ունենայ մորթի որոշ համեմատութեամբ կորուստ` այրուածքի պատճառով: Մորթը կազմուած է երեք խաւերէ`

1.- Մակերեսային խաւը, որ տեսանելի եւ միակ խաւն է, որ կը վերակենդանանայ այրուածքէ ետք:

2.- Միջին խաւը, որ հարուստ է զարկերակներով, երակներով, ջիղերով, քրտինքի գեղձերով եւ մազի արմատներով:

3.- Ներքին խաւը, ուր կը գտնուին աւելի մեծ ջիղեր, երակներ եւ զարկերակներ: Այս բաժինն է, որ կը կանոնաւորէ մարմինին ջերմութիւնը:

Մորթի այրուածքը կը պատահի` ենթակայ ըլլալով արտաքին զանազան  ազդակներու, որոնցմէ կարեւորագոյններն են` տաք մարմիններ եւ հեղուկներ, շոգի, կրակ, շողարձակում,  արեւի ճառագայթ, քիմիական նիւթեր, թթուներ, կալաք,   թրծաշաղախ-սիմենթ, թունաւոր կազեր, ֆոսֆոր, կայծակ եւ ելեկտրական հոսանք:

Մորթի այրուածքի ախտանշանը մորթի բացայայտ վէրքն է իր զանազան երեւոյթներով` մորթի կարմրութիւն, ուռեցք, կորուստ եւ ջրափշտիկներ:

Մորթի այրուածքի անմիջական ախտանշաններէն անդին` յաճախ տեղի կ՛ունենան մտահոգիչ բարդութիւններ եւ հետեւանքներ` համաձայն այրուածքի տարողութեան: Այս բարդութիւններու կարեւորագոյններն են` արեան տկարութիւն-սակաւարիւնութիւն, ջրանուազում, մկաններու, բնասպիտի, ախորժակի եւ ծանրութեան կորուստ, մեծ, խորունկ եւ երկարատեւ վէրքեր, մորթի կարծրացած սպիացում, յօդերու կարծրացում եւ անշարժացում, երկարատեւ բորբոքումներ, արեան ճնշումի նուազում, սրտի անկանոն զարկ, շնչասպառութիւն, խաժահարութիւն եւ գիտակցութեան կորուստ:

Մորթի այրուածքները կը դասակարգուի` համաձայն այրուածքին յառաջացուցած վէրքի խորութեան, տարածութեան եւ ախտանշաններու տարողութեան:

Առաջին աստիճանի այրուածքը միայն մակերեսային է, կը տեւէ քանի մը օր եւ կը յայտնուի ցաւով ու մորթի կարմրութեամբ եւ կրնայ դիւրաւ վերածուիլ երկրորդ աստիճանի այրուածքի:

Երկրորդ աստիճանի այրուածքը կը յայտնուի ցաւով, մորթի կարմրութեամբ, վէրքի շրջապատի ուռեցքով եւ ջրափշտիկներով: Կը տեւէ 2-3 շաբաթ:

Երրորդ աստիճանի այրուածքը կը յայտնուի այրած եւ փճացած մորթով, որ կ՛ունենայ տարբեր-տարբեր գունաւորումներ, բացուած ջրափշտիկներ եւ բաց, խորունկ ու մեծ վէրքեր, ինչպէս նաեւ` մարմնական ջրանուազումով: Ան մորթի որոշ սպիացումի հետք կը ձգէ:

Մարմնի մակերեսի 20 առ հարիւրէն աւելի մեծ` երկրորդ եւ կամ երրորդ աստիճանի այրուածքի պատճառով տեղի կ՛ունենայ զգալի մարմնական ջրանուազում, որուն ախտանշաններն են` ծարաւ, փսխուք, կեդրոնացումի պակաս, մոռացութիւն, արագ սրտի զարկ, զարկերակային ճնշումի նուազում, մէզի նուազում եւ մարմնին մէջ կալիումի կորուստ:

Երբ պատահարի մը առջեւ գտնուինք, դիմելու ենք հետեւեալ միջոցառումներուն` որպէս շտապ օգնութիւն:

Առաջին աստիճանի այրուածքները ընդհանրապէս յատուկ դարմանումի չեն կարօտիր. միայն լուալ այրուածքը մաքուր եւ պաղ ջուրով:

Մեծ այրուածքներու պարագային`

1.- Նախ կեդրոնանալ հիւանդին շնչառութեան, սրտի զարկին, արեան ճնշումին, գիտակցութեան եւ արթնութեան վրայ, եւ ապա կատարել շտապ օգնութիւն` ըստ կարիքի:

2.- Հեռացնել ենթական կրակէն, քիմիական նիւթերէն եւ ապա մարել կրակը:

3.- Անջատել ելեկտրական հոսանքը զոհէն:

4.- Հանել զոհին այրած հագուստները, սակայն չդպնալ անոնց, եթէ անոնք հիւանդին մարմնին փակած են:

5.- Պահել հիւանդը տաք եւ ապահով տեղ մը:

6.- Չծածկել մեծ վէրքը որեւէ օծանով:

7.- Տալ հիւանդին ցաւազրկող դեղեր:

8.- Երկրորդ կարգի պզտիկ այրուածքներու պարագային, լուալ օճառով եւ մաքուր` գաղջ ջուրով, ծածկել օծանով եւ կամ գաղջ ջուրի մէջ թաթխուած մաքուր լաթով մը:

9.- Երրորդ աստիճանի պարագային, չլուալ վէրքը եւ ո՛չ ալ օծան եւ կամ փոշի գործածել. միայն ծածկել մաքուր լաթով մը:

10.- Մեծ տարածութեամբ երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի այրուածքի պարագային, չզովացնել հիւանդը, այլապէս ան կրնայ ունենալ ջերմանուազում:

11.- Զոհը արագօրէն փոխադրել մօտակայ հիւանդանոց, երբ`

ա.- Զոհը անգիտակից  եւ շնչահեղձ է:

բ.- Երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի այրուածքը կը գտնուի դէմքին, աչքերուն եւ ձեռքերուն վրայ:

գ.- Մարմնի մակերեսին 15 առ հարիւրէն աւելին այրած է:

դ.- Այրուածքը երրորդ աստիճանի է եւ կամ երկրորդ աստիճանի, բայց մեծ է:

ե.- Զոհը անչափահաս է եւ կամ տարեց է:

զ.- Այրուածքը ելեկտրականութեան հոսանքի հետեւանք է:

է.- Զոհը արդէն կը տառապի այլ մտահոգիչ հիւանդութենէ մը:

Հիւանդանոցային խնամքը կը կատարուի` համաձայն հիւանդին առողջական ընդհանուր վիճակին եւ այրուածքին տարողութեան: Խորունկ այրուածքներ կը կարօտին մորթային ինքնապատուաստումի, այսինքն հիւանդին մարմնի զանազան մասերէն առողջ մորթի պատուաստում կը կատարուի ծածկելու համար բոլորովին բաց վէրքերը:

Դարմանումի ընթացքին բժիշկը առաւելագոյն ուշադրութեամբ  կը խնամէ հիւանդը, որպէսզի չպատահին մորթային մնայուն կարծր սպիացում եւ կծկում-պրկուածութիւն, ինչպէս նաեւ` յօդերու անշարժացում: Դարմանումին մաս կը կազմեն նաեւ ֆիզիքական միջոցառումները, ի մասնաւորի` բարեխառն ջերմութեան գործածութիւնն ու մարզանքը, որպէսզի յօդային կարծրացում եւ անշարժացում, ինչպէս նաեւ մորթային կծկում-պրկուածութիւն չյառաջանան: Այս բարդութիւններու պարագային, մորթային ինքնապատուաստումը  դարձեալ պարտաւորիչ կը դառնայ: Հիւանդին կը ներարկուի պրկախտի պատուաստ, կը տրուին բնասպիտով հարուստ սննդանիւթեր եւ կենսանիւթեր: Ըստ կարիքի, կը կատարուի նաեւ արեան փոխներարկում:

Դէմքի, աչքերու, քիթի, շրթունքներու այրուածքները ընդհանրապէս սովորական դարմանումներու կողքին, կը կարօտին նաեւ գեղագիտական  վիրաբուժութեան եւ մորթային ինքնապատուաստումի: Վիզի այրուածքը կրնայ ստեղծել շնչառական համակարգի դժուարութիւններ` շնչահեղձութիւն, ձայնի խռպոտութիւն, խռչափողատապ, ցնցղատապ, թոքատապ, շնչահեղձութիւն եւ կապտախտ: Այս բոլոր բարդութիւնները կրնան կարօտիլ շնչափողածակումի:

Ելեկտրական հոսանքի եւ կայծակի այրուածքները խիստ վտանգաւոր են: Ելեկտրական այրուածքը կը յառաջանայ ելեկտրական հոսանքի եւ կամ կայծակի ուղղակի ենթակայ ըլլալով: Այս այրուածքը կ՛ունենայ ելեկտրական հոսանքի մուտքի եւ ելքի կէտերը, որոնք յաճախ նշմարելի չեն ըլլար մորթին վրայ: Ելեկտրական հոսանքը մորթի մակերեսէն անցնելէ ետք, կը քալէ առաւելաբար ջիղերու եւ մկաններու հիւսկէններու վրայէն եւ կը հասնի մարմնի զանազան օրկաններուն: Ան կը յառաջացնէ մակերեսային մորթային այրուածք, ներքին օրկաններու վնաս, սրտի անկանոն զարկ, շնչահեղձութիւն եւ շնչադադար: Ելեկտրական հոսանքը իր վնասները կը հասցնէ` համաձայն իր տեսակին, զօրութեան, տեւողութեան եւ մուտքի վայրին, ինչպէս նաեւ` մարմնի դիմադրողականութեան:

Ելեկտրական այրուածքի ախտանշանները կրնան ըլլալ հետեւեալները. մակերեսային մորթի այրուածք, մկանային ակամայ պրկումներ եւ ցնցումներ, սրտի արագ զարկ, շնչահեղձութիւն եւ շնչադադար, գիտակցութեան կորուստ, ուղեղային վնաս, մկանային անշարժութիւն եւ անդամալուծութիւն, ներքին օրկաններու վնաս եւ փճացում, ոսկրային կոտրուածքներ եւ գանկային վնաս:

Կայծակնահար անհատը կ՛ունենայ անցողակի եւ կամ մնայուն հետեւանքներ` համաձայն կայծակի ուժգնութեան եւ տեւողութեան: Ան կրնայ ունենալ` մորթային այրուածք, ներքին օրկաններու վնասներ, ուղեղային եւ ջղային դրութեան վնասներ, մոռացկոտութիւն, շփոթութիւն, անգիտակցութիւն, ոտքի եւ ձեռքի անզգայութիւն ու անշարժութիւն, ականջաթմբուկի պատռուածք, ակնազօդ, հոգեբանական խանգարում, անքնութիւն, սրտի անկանոն զարկ, սրտադադար եւ մահ:

Դարմանումը կը կայանայ` համաձայն կայծակնահարութեան զօրութեան եւ հիւանդին առողջական ընդհանուր վիճակին: Անգիտակցութեան եւ շնչադադարի եւ կամ սրտի զարկի բացակայութեան պարագային, կը կատարուի շտապ վերակենդանացում, որմէ ետք հիւանդը կը փոխադրուի հիւանդանոց, ուր կը կատարուին դարմանումի անհրաժեշտ միջոցառումները:

Կարելի է հեռու մնալ կայծակի վնասներէն եւ կամ կայծակնահարումի հետեւանքները նուազագոյնի իջեցնել` դիմելով որոշ կանխարգելիչ միջոցառումներու.

1.- Հետեւիլ օդերեւութաբանական յայտարարութիւններուն:

2.- Որոտումէն ետք`

ա.- Տունէն դուրս գտնուելու պարագային, ապաստանիլ ապահով վայր մը:

Բացօթեայ եւ բարձր վայրի մէջ չմնալ:

բ.- Տան մէջ ելեկտրական գործիքներէ հեռու մնալ, ջուրի խողովակներուն չդպնալ, հեռու մնալ պատուհաններէ, չգործածել հեռաձայնը, համակարգիչը եւ ամէն տեսակի ելեկտրական կազմածները:

գ.- Չկենալ աւազանի, լիճի, գետի եւ ծովու մօտ:

ԲԺԿ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES