ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ 42 ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ. ԱՅՍՕՐ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ԿԸ ՏՐՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ 34-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՌԵԼԻԻՆ
Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին եւ հսկողութեամբ ՖԻԱ-ին այսօր` ուրբաթ, 16 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիէն (Քասլիք) ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի 34-րդ միջազգային ռելիին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
42 ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք այս ռելին կը նկատուի Միջին Արեւելքի լաւագոյն հանգրուաններէն մէկը, մանաւանդ որ այս տարի ինքնաշարժներուն թիւն ալ զգալիօրէն բազմացած է:
Կը կարծուի, որ պայքարը պիտի ըլլայ բաւական սուր լիբանանցի վարորդ Ռոժէ Ֆըղալիի (Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-10) եւ քաթարցի Նասեր Աթիէի (Ֆորտ Ֆիեսթա Էս.-2000) միջեւ:
Ֆըղալի պիտի փորձէ յաջորդաբար ութերորդ տարին ըլլալով տիրանալ այս ռելիին, մինչ Աթիէ` առաջին անգամ ըլլալով: Վեց անգամ Միջին Արեւելքի ախոյեան հանդիսացած Աթիէ միշտ ալ իր բոլոր փորձերուն ընթացքին ձախողած է այս ռելիին տիրանալ:
Նշենք, որ անոնք երկուքը, ինչպէս նաեւ այլ վարորդներ, այսօր Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մէջ պիտի տան մամլոյ ասուլիս մը:
Կիրակի, 18 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մէջ տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւն` ախոյեանի անունին յստակացումէն ետք:

