ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ԱՂԱՍԻ ԱՂԱՍԵԱՆ` ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Աղասի Աղասեան

Պուքրեշի մէջ (Ռումանիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, 77 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանը ներկայացնող Աղասի Աղասեան հանդիսացաւ ախոյեան` ընդամէնը բարձրացնելով 328 քկ (148 եւ 180):

Աղասեան մէկ քիլոյով միայն յաջողեցաւ գերազանցել ռուսահայ Ալեքսանտր Սաֆարեանը, որ յաջողեցաւ տիրանալ արծաթ մետալին (152 եւ 175):

Պրոնզ մետալին տիրացաւ ռումանացի Ատրիան Կիսու (326 քկ):

Վերոնշեալ արդիւնքները նկատի ունենալով` վերոնշեալ երեքին միջեւ ընթացաւ բաւական սուր պայքար, որուն իբրեւ արդիւնք Աղասեան հռչակուեցաւ ախոյեան:

 

Share this Article
CATEGORIES