ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՆՈՐ ՎԱԶՔՈՒՂԻԻ ՄԸ
Ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանին եւ այլ պաշտօնական հիւրերու եւ հրաւիրեալներու, երէկ, Երեւանի Մալաթիա – Սեբաստիա շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ հեծելարշաւի նոր վազքուղիի մը, որ օժտուած է միջազգային չափանիշներով:
Փակ մարզահամալիրի մը մէջ գտնուող այս վազքուղին ունի 250 մեթր երկարութիւն: Գետինը ծածկուած է բարձրորակ փայտով, օժտուած է արդի սարքաւորումներով, անվտանգութեան համակարգով եւ կրնայ հիւրընկալել 3100 հանդիսատես:
Նշենք, որ այս համալիրը ունի 250 ինքնաշարժ ընդունող բացօթեայ կառատուն:
CATEGORIES Մարզական