ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԱՐԱ ՔԵՔԵՃԵԱՆԸ
Լիբանանահայ արուեստին մէջ իւրայատուկ դիմագիծ ունեցող արուեստագէտ Արա Քեքեճեան երէկ յանձնուեցաւ հողին: Լիբանանի միջին սերունդի հայերը լաւապէս պիտի յիշեն Արա Քեքեճեանը, որ առաջիններէն եղաւ մանկական աշխարհին տալու իւրայատուկ երգեր, երաժշտութիւն եւ մանկական առիթներու վերաբերող արուեստի նախաձեռնութիւններ: Ան 60-ական եւ 70-ական թուականներուն եւ աւելի ուշ եղաւ հայ մանուկ եւ պատանի սերունդներու ուրախութիւն ջամբող արուեստագէտը. միաժամանակ ասպարէզի վերածելով երաժշտութիւնը` ան նաեւ բացաւ երաժշտութեան յատուկ դպրոց եւ դասաւանդեց տարբեր գործիքներ նուագելու արուեստը:
Արա Քեքեճեան նաեւ հանդէս եկած է հայկական էսդրատային երգացանկերով:
CATEGORIES Գաղութային