ԻՍԿ ԵԹԷ ՄՈՑԱՐԹ ԿԻԹԱՌ ՆՈՒԱԳԱԾ ԸԼԼԱ՞Ր…

Երիտասարդ Վոլֆկանկ Ամատէուս կրնար գրած ըլլալ երգեր, զորս սկաուտները տակաւին մինչեւ այսօր պիտի երգէին բանակավայրի խարոյկին շուրջ: Կամ կրնայ ըլլալ, որ ան սորված պիտի ըլլար դասական եղանակներ նուագել արագ կշռոյթով եւ այս ձեւով հնարած կ՛ըլլար ռոքը ժամանակէն առաջ: Կրնա՞ք երեւակայել Վոլֆկանկ սուփըրսթարի մը կերպարանքին տակ, իր երաժշտութեան գործիքը իր սենեակին պատին վրայ կոտրելով…

***

Վայրկեան մը երեւակայենք «Կախարդական սրինգը»` կիթառի մը ընկերակցութեամբ: Տարօրինա՛կ: Այս պարագային աւելի ճիշդ պիտի ըլլար զայն անուանել «Կախարդական կիթառը». ինչո՞ւ ոչ: Սակայն… ի՞նչ պիտի ըլլար մեր աւստրիացի հանճարին միւս 600 գործերուն ճակատագիրը: Անհետացա՛ծ: Մե՜ծ կորուստ:

***

Բարեբախտաբար կիթառը 18-րդ դարուն շատ տարածուած երաժշտական գործիք մը չէր, շրջան մը, երբ կ՛ապրէր Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթ: Այո՛, մեզի ծանօթ դասական կիթառը եկած է 19-րդ դարէն. զայն յղացած է Թորրէս անունով սպանացի զինագործ մը: Անոր շնորհիւ, մէկ դար ետք, մարդիկ կրցան մէջտեղ բերել ելեկտրական կիթառները: Անշուշտ ասոր համար նախ պէտք էր հնարել ելեկտրականութիւնը…

***

Սակայն, վերադառնալով Վիեննա (Աւստրիա), 18-րդ դարուն մենք կը հանդիպինք Վոլֆկանկի, որ 5 տարեկանին կը սորվի յարադաշնակ նուագել: Ան իր առաջին գործը կը յօրինէ 6 տարեկանին, գրել-կարդալ գիտնալէ առաջ, առաջին օփերան` 11 տարեկանին: Մոցարթ տարբեր տեսակի գործեր յօրինած է եւ կատարելագործուած ձեւով` քոնչերթօ, սոնաթ, սենեկային երաժշտութիւն, օփերա, սիմֆոնի…

***

Անոր միակ «թերութիւնը» եղած է անոր վաղաժամ մահը, 35 տարեկանին: Իսկ եթէ Մոցարթ 100 տարեկանին մահացած ըլլա՞ր: Ան տակաւին կիթառ նուագած պիտի չըլլար…

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

– Ձիերը կրնան օրական մինչեւ 1600 քմ կտրել:

– Լուսինին մակերեսը Ասիայէն աւելի փոքր է:

– Աւելի քան 1500 մարդկային սիրտերու ծանրութիւնը միասնաբար հաւասար է կապոյտ կէտի մը սրտի ծանրութեան:

– Դեղձանիկ մը կրնայ երկու տարբեր եղանակներ արտաբերել միաժամանակ:

– Մեր հոտառութիւնը առտուն աւելի տկար է, իսկ աւելի զօրաւոր` գիշերը:

– Օր մը մարդ մը 956 փենքէյք շինած է մէկ ժամուան մէջ:

– Այծերուն աչքերը քառանկիւն բիբեր ունին:

– Թռչունները չեն քրտնիր:

– Լոսդի ձուկին հոտառութիւնը հազարաւոր անգամներ աւելի զօրաւոր է, քան` շան հոտառութիւնը:

– Կարգ մը թութակներ պարելու կը սկսին, երբ երաժշտութիւն լսեն:

– 6009 յաջորդ այն տարին է, որ նոյն կերպարանքը ունի դէպի վար կամ դէպի վար գրուած: Վերջինը 1961 թուականն էր:

– Մեր ակռաները մեր ոսկորներէն աւելի զօրաւոր են:

 

ՄՏԱԾԵՆՔ

ՍՄԻԹ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԾԱՌԸ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանը՝ վերջաւորութեան

 

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՏՕՆՈՒԻ ՓԱՓՈՒԱԶԻ –  ՆՈՐ ԿԻՆԷԱՅԻ ՄԷՋ,
ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԿԷՍԵՐՈՒՆ

16 սեպտեմբերին Փափուազի-Նոր Կինէա կը կազմակերպէ իր ազգային տօնը: Ասիկա առիթ մըն է` նշելու հարաւային Խաղաղականի այս երկրին մէջ բնակող ժողովուրդներուն իւրայատկութիւնը եւ այլազանութիւնը:

Ամէն տարի Բարձր հողերու մայրաքաղաքին` Կորոքայի մէջ 1957 թուականէն ի վեր տեղի ունեցող փառատօնին մօտաւորապէս հարիւր պատուիրակութիւններ կը հաւաքուին երեք օրերու ընթացքին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ Փափուազի-Նոր Կինէայի ցեղախումբերէն մէկը: Երիտասարդներ կը կատարեն ծիսական պարեր` մարմինը եւ դէմքը աւանդական գծագրութիւններով զարդարուած:

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՐԺԱՆԹԻՆՑԻՆԵՐԸ
ՖՈՒԹՊՈԼԸ ՇԱՏ ԿԸ ՍԻՐԵՆ

19-րդ դարու վերջաւորութեան Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի բազմաթիւ բնակիչներ անգլիական ծագում ունէին: Բնականօրէն հետերնին բերին ֆութպոլի իրենց սէրը:

Սովորութիւն է ըսել, թէ արժանթինցիներուն համար ֆութպոլը կրօնի նման է: Այս ձեւով, 1960 թուականին ծնած մարզիկ Տիեկօ Մարատոնա իսկական պաշտամունքի առարկայ դարձած է: Ինչպէս Եւրոպայի մէջ 19-րդ դարու վերջաւորութենէն սկսեալ, ֆութպոլը սկսաւ շատ գնահատուիլ նաւահանգիստներուն մէջ (Պարսելոնա, Ճենովա, Լիզպոն, Լիվըրփուլ, Մարսէյ, Ռոթերտամ եւ այլն), այս մարզաձեւը շատ ժողովրդական դարձաւ Պուէնոս Այրեսի բնակիչներուն համար: Ապա ֆութպոլը տարածուեցաւ ամբողջ Արժանթինի մէջ:

 

Ի՞ՆՉԷ ՇԻՆՈՒԱԾ Է
ԹՈՄՊՈՒՔԹՈՒԻ ՄԵԾ ՄԶԿԻԹԸ

Մալիի մէջ Թոմպուքթույի մեծ մզկիթը շինուած է հում ցեխէ: Անիկա կառուցուիլ սկսած է 14-րդ դարուն եւ կրնայ ընդունիլ մինչեւ 12 հազար հաւատացեալ:

Անտալուսիայէն արաբ ճարտարապետ մըն է, որ սկսած է Թոմպուքթուի մեծ մզկիթին կառուցումը, 1325 թուականին: Այդ ժամանակաշրջանին քաղաքը առեւտրական կարեւոր խաչմերուկ մըն էր եւ` մահմետական կրօնական կեդրոն մը (Թոմպուքթու իր ոսկեդարը ապրեցաւ 15-րդ եւ 16-րդ դարերուն, անկում արձանագրելէ առաջ): 1989 թուականէն ի վեր ԵՈՒՆԵՍՔՕ ստանձնած է մզկիթին վերանորոգումի մեծ ծրագիր մը: Անոր մինարէն, որ կտրտուած բուրգի մը ձեւը ունի, հեռուէն տեսանելի է:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Ո՞ւր կը գտնուէր արդի առաջին կենդանաբանական պարտէզը:

Քանի՞ ոսկոր կայ մարդուն ձեռքին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ո՞ւր կը գտնուի աշխարհի ամէնէն երկար ներքնուղին:

Ի՞նչ կը ստանան անգլիացիները իրենց թագուհիէն, երբ 100 տարեկան կ՛ըլլան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

ՄՏԱԾԵՆՔ

Ֆրանսիս կը գտնուի վարի շարքին վրայ. ան ձախէն չորրորդ անձն է:

 

ԺԱՄԱՆՑ

1) 1752-ին հիմնուած եւ 1769-ին իր դռները բացած «Շոնպրուն Փալաս»ի «Իմփերիալ մենաժըր»ին Վիեննայի մէջ կը գտնուի եւ տակաւին գոյութիւն ունի մինչեւ այսօր:

2) 27 ոսկորներ: Երկու` բութամատերուն մէջ, երեք` մնացած իւրաքանչիւր չորս մատներուն մէջ, հինգ հատ ափին մէջ եւ ութ` դաստակին մէջ:

3) Սենթ Կոթթար ներքնուղին կը գտնուի Զուիցերիոյ` Ալպեան լեռներուն մէջ:

4) Շնորհաւորական հեռագիր մը: Իսկ 105-րդ տարեդարձէն սկսեալ թագուհին շնորհաւորական մաղթանքներ կը ղրկէ ամէն տարեդարձի օր:

Պատրաստեց՝
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES