ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԸ ԱՌԱՋԱՒՈՐ ԱՍԻՈՅ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ

Արագ ակնարկ մը նետելով Ռեճեփ Մարաշլըի այս հատորի վեց մասերու բովանդակութեան վրայ, կը խտացնենք զանոնք հեռագրական ոճով միայն, քանի ներկայ գրութեան նեղ սահմանները թոյլ չեն տար հանգամանաւոր քննարկումը այս վեց մասերուն:

ՄԱՍՆ Ա.ի խորագիրն է` «Հասարակաց պատմութեան հասկացողութիւնը»: Կը բաղկանայ մօտ 100 մեծադիր էջերէ (27-124), ուր հեղինակը սահմանումը կու տայ «հասարակաց»ին, եւ զայդ կը կիրարկէ Առաջաւոր Ասիոյ ժողովուրդներու պատմութիւնը սղագրելով` եզրակացնելու համար հետեւեալը. «Առանց գիտնալու հայոց պատմութիւնը` չենք կրնար գիտնալ քիւրտերու պատմութիւնը. առանց գիտնալու յոյներու պատմութիւնը Առաջաւոր Ասիոյ մէջ` չենք կրնար ամբողջականօրէն գիտնալ Առաջաւոր Ասիոյ պատմութիւնը, եւ այս բոլորը միասին եթէ չգիտնանք, չենք կրնար հասկնալ թրքական իշխանութեան եկուորի հանգամանքը տարածաշրջանին մէջ»: Այս մասին մէջ աներկբայօրէն ցոյց տրուած է, թէ հայոց պատմութիւնն է անխուսափելի մեկնակէտը Առաջաւոր Ասիոյ պատմութեան:

ՄԱՍՆ Բ.ի մէջ, որ կը բաղկանայ 66 էջերէ (125-190), կը պարզաբանուին` «Հայ ազգային դեմոկրատական շարժումին ծննդեան նախապատճառները եւ անոր փոխ-յարաբերութիւնները` թուրք, յոյն, քիւրտ, ասորի եւ պալքանեան ժողովուրդներուն հետ», ընդգծելով հայ ազգային շարժման դեմոկրատական էութիւնը, ազատագրական բնոյթը եւ իրաւական արդարացիութիւնը:

ՄԱՍՆ Գ.ը ամէնէն ծաւալունն է եւ կը բաղկանայ 145 էջերէ (191-336), որուն խորագիրն է` «Ցեղասպանութիւն-1915»: Հոս կը տրուին Ցեղասպանութեան ու տարագրութեան զոյգ ոճիրներու ծրագրումին ու գործադրութեան ցարդ ծանօթ ու նորայայտ վաւերաթուղթեր ու փաստամիջոցներ` մի առ մի յիշելով բոլոր կուսակցական ու պետական պատասխանատուներուն անունները, ընդգծելով ոճիրներուն պետական մակարդակով ու հովանաւորութեամբ գործադրուած ըլլալուն հանգամանքը, եւ մասնաւորաբար շեշտելով Իթթիհատ վէ թերաքքըի, Թեշքիլաթի մահսուսայի, Համիտիէ ալայլարըի եւ գերման զինուորական ուժի խաղացած վճռորոշ դերերը, նորայայտ մանրամասնութիւններ տալով` Թեշքիլաթի մահսուսայի, Հաճը Մուսա Պէյի նախատիպարի եւ Սապիհա Կէօքչենի դէպքին նախատիպին մասին, որոնք շօշափելի եւ անհերքելի կը դարձնեն ոճիրներուն նախածրագրուած ըլլալուն փաստերը:

Հեղինակը այս մասին մէջ մի առ մի կը հերքէ թրքական կողմին ոճիրները նենգափոխելու եւ արդարացնելու հին ու նորաթուխ բոլոր պատճառաբանութիւնները, մասնաւորաբար` Ռուսիոյ հետ գործակցելով Արեւմտահայաստանը Օսմանեան կայսրութենէն անջատելով զայն անկախացնելու պատրուակ-պատճառաբանութիւնը: Ան կը հաստատէ, թէ հայկական կուսակցութիւններէն եւ ոչ մէկը «անկախութեան» նպատակը որդեգրած էր, երբ 1910-ին Իթթիհատի համագումարը գաղտնի որոշումը տուած էր ցեղասպանութեան ու  տարագրութեան, երբ տակաւին լսելի չէին Ա. Աշխարհամարտի ոտնաձայները…: Ընդհակառակը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը նոյնիսկ կը գործակցէր Իթթիհատի հետ, իսկ ՍԴՀ կուսակցութիւնը շա՜տ ուշ, միայն 1913-ին էր, որ իր Քոնսթանցայի ժողովին որդեգրած էր «անկախութեան» նպատակը, 1910-էն երեք տարիներ վերջ,

ՄԱՍն Դ.ի 65 էջերը (337-402) ունին, միջազգային հանրային իրաւունքի տեսանկիւնէն, խիստ նշանակալից վերնագիր մը` «Քեմալական իշխանութիւնը եւ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱԳՐԱՒՈՒՄԸ» (ընդգծումները` Գ. Տ.ի): Քեմալական ՎԵՐԱԳՐԱՒՈՒՄ-ին նախորդած էր Օսմանեան ԳՐԱՒՈՒՄԸ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ: Այս մասին մէջ սեղմ գիծերով ուրուագծուած է 1917-1923 երկարող ժամանակաշրջանը: Այս շրջանը կը սկսի 1917 թ. Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան բերած նոր զարգացումներով եւ կը նկարագրուի` ցարական Ռուսիոյ զօրքերուն ճակատէն հեռացումին պատճառով ստեղծուած խառնաշփոթ կացութիւնը եւ միջազգային նոր իրադրութիւնը, Պրեսթ Լիթովսքի (մարտ 1918) դաշնագիրը, Պաթումի դաշնագիրը (մայիս 1918), Կովկասեան համադաշնակցութեան լուծարումն ու մայիս 28-ի Հայաստանի անկախութեան հռչակումը, Մուտրոսի եւ Լոնտոնի խորհրդակցութիւնները եւ 13 դեկտեմբեր 1918 թուականակիր նորաստեղծ յեղափոխական կոմիսարներու խորհուրդի հրամանագիրը (դեկրետ) «Թուրքահայաստանի մասին» (որուն բովանդակած 6 կարեւոր կէտերը մէջբերելով` Հ. Պայուրի «Türk Inkilabi Tarihi» շարքի Գ. հատորէն), Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագրերու կայսերապաշտական պետութիւններու մեքենայութիւնները, որոնք կը նպաստեն քեմալական Թուրքիոյ հաստատումին ու Հայ դատի եւ քրտական դատի թաղումին, եւ Քեմալի միատարր Թուրքիա մը ստեղծելու քաղաքականութիւնը: Հոս կան ուշագրաւ նորութիւններ քիւրտ-հայ համաձայնութեան մը փնտռտուքներուն մասին` յիշելով մասնաւորաբար քիւրտ Շերիֆ փաշային եւ Պօղոս Նուպար փաշային միջեւ ընթացած շփումները եւ քրտական առաջին պոռթկումները: Հոս մասնաւոր անդրադարձում կայ նաեւ Քեմալի երկերեսանի յարաբերութիւններուն` խորհրդային նոր իշխանութեան հետ, վեր հանելով Քեմալի հիմնականօրէն թշնամական քաղաքականութեան իսկութիւնը, որուն եղերական դրսեւորումը եղաւ Թուրք համայնավար կուսակցութեան (TKP) ղեկավարութեան դաւադրական խողխողումը:

ՄԱՍՆ Ե.ի մէջ (էջ 403-450) վաւերագրական պատմականը տրուած է քեմալական Թուրքիոյ վարած ցեղային բնաջնջումի քաղաքականութեան: Նեստորականներու Հաքքարիէն տարագրումը, յոյներու հարստութեան ոչնչացումը, Ալեքսանտրեթի բռնակցումը, քրտական ապստամբութիւններուն արեան մէջ ճզմումը, «ունեւորութեան տուրք»ի (վարլըգ վերկիսի) բռնագրաւումները, «Սթրոմայի դէպք»ը, «Քրիսթալ կեճէ» կոչուող սեպտեմբեր 6-7 լուսցող գիշերուան վայրագութիւնները, հասնելով մինչեւ Կիպրոսի հիւսիսային շրջանին բռնագրաւումը:

ՄԱՍՆ Զ.ը կը բաղկանայ 33 էջերէ (451-484) եւ յատկացուած է հեղինակի եզրայանգումներուն ու դատապարտագրին: Այս եզրափակիչ մասը խորագրուած է` «Հայ ազգային դեմոկրատական շարժումը, եւ 1915 թ. հայկական եւ միւս ցեղասպանութեանց առնչութեամբ ընդհանուր եզրակացութիւններ»: Այս մասը ունի 7 ենթախորագիրներ.

1.- Բազմազգ եւ բազմամշակոյթ պետութիւններուն մէջ` քաղաքական եւ ընկերային պատասխանատուութեանց հարցը:
2.- Միջազգային հանրային իրաւունքի տեսանկիւնէն` ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքէն բխող հարցադրումներ:
3.- Զանգուածային բնաջնջումի ոճիրներուն մէջ գործադրուած տարբեր եղանակները:
4.- Ասորի-սուրիանի, Պոնտոսի յոյն եւ եզիտի քիւրտ ժողովուրդներուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութեանց մասնաւոր եղանակներուն պատճառները:
5.- Հայ ազգային դեմոկրատական շարժումին պատմական մասնաւոր իմաստն ու նշանակութիւնը:
6.- Թուրքիոյ իշխող դասակարգերու տարբեր ղեկավարութեանց մօտ, Պալքաններու հանդէպ առկայ` անյաղթահարելի սինտրոմին բացատրութիւնը:
7.- Ցեղային բնաջնջումի քաղաքականութիւնը «անմեղ» պիտակներով ներկայացնելու համար օգտագործուած լոզունգները: Ինչպէս`

ա) «Թեք ուլուս, թեք վաթան, թեք պայրաք» (Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ դրօշ) լոզունգին նպատակն  է` եկուոր օսմանցի թուրքերուն ստեղծելիք պետութիւնը նկատել բնիկ ժողովուրդներու միակ պետութիւնը` բոլոր ոչ թուրք տարրերը ձուլելու համար…:

բ) «Ազընլըք» (փոքրամասնութիւն) լոզունգով շրջել պատմական իրականութիւնը եւ թուրքերը համարել երկրի «մեծամասնութիւնը» եւ «փոքրամասնութիւն»` միւս բոլոր բնիկ ժողովուրդները, մինչդեռ այս վերջիններէն քիւրտերն ու ալեւիները, իւրաքանչիւրը կը հաշուէ շուրջ 20-ական միլիոն, երկրի բնակչութեան ընդհանուր 70 միլիոնին վրայ: Այս լոզունգը Քեմալ յաջողեցաւ նուիրագործել Լոզանի դաշնագրով եւ Արեւմուտքի մեղսակցութեամբ:

գ) «Տէօնմէ» (կրօնափոխ) եւ «Տեւշիրմէ» (մանկաժողով) լոզունգներով կը ջանան «օրինականացնել» ոչ թուրքերու թրքացումը: Օսմանեան շրջանէն` «Տեւշիրմէ»ն տեսակ մը մարդահարկ էր, տարբեր` գլխահարկէն, որուն միջոցով, աւելի քան երեք դարեր ամբողջ, հայ եւ միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներու խոստմնալից մանուկները կը խլուէին իրենց ազգային ու կրօնամշակութային հարազատ մթնոլորտէն, եւ, կրօնափոխութեան ճամբով, կը ներգրաւուէին օսմանեան ռազմական ուժերուն մէջ` լրացնելու համար Օսմանեան կայսրութեան ռազմուժին յարաճուն կարիքները` «ենիչերի»ներու յատուկ ուժերով: (Հայկական ծագումով ենիչերիներէն շատեր, իրենց բացառիկ ընդունակութիւններուն ու քաջութեան եւ հզօր անհատականութեան շնորհիւ, Օսմանեան ռազմական համակարգին մէջ գրաւած են բարձր դիրքեր, մինչեւ իսկ` պիւյիւք վեզիրի (մեծ եպարքոս) եւ ծովակալի աստիճան, ինչպէս, օրինակ, Սուլէյման փաշա էրմենին (1605-1680), որ եղած էր Կարինի եւ Սեբաստիոյ կուսակալը եւ մասնակցած` Կրետէ կղզիի գրաւումին ու յաջողած` պահպանելու իր էրմենիի ինքնութիւնը…):

*
*  *

Այս գիրքը մեծարժէք ներդրում մըն է Հայ դատի պատմագիտութեան մէջ` իր բազմաթիւ յայտնաբերումներով, որովհետեւ անոր հեղինակը, որ հակառակորդն է Թուրքիոյ (քեմալական) ֆաշական համակարգին, բայց զայդ ներսէն կը ճանչնայ լաւապէս, քաղաքական երկարատեւ ու դաժան պայմաններով ծանօթ պայքարի ոլորապտոյտին ընդմէջէն:

Ռեճեփ Մարաշլըի գիրքին ընթերցողը հնարաւորութիւնը կ՛ունենայ ծանօթանալու ներկայ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական-հասարակական ազդեցիկ դերակատարութիւն ունեցող աջի եւ ձախի ուժերուն, եւ մասնաւորաբար ծանօթանալու ձախի դեմոկրատական այն ուժերուն, որոնք կը զօրակցին` Հայ դատին, քրտական դատին եւ, ընդհանրապէս, ամէն գոյնի դեմոկրատական շարժումներու դատերուն: Այս ծանօթութիւններով լուսաբանուած ընթերցողը կրնայ դիւրաւ հասկնալ, թէ Հրանդ Տինքի թաղման թափօրին հետեւող տասնեակ հազարաւորները ո՛ր ուժերուն կը պատկանէին, եւ դիւրաւ որոշել, թէ ովքե՛ր են Թուրքիոյ մէջ անոնք, որոնց հետ կրնանք շինիչ ու կառուցողական երկխօսութիւն ունենալ…: Նաեւ յստակօրէն տեսնել` ֆաշական իշխանութեան զինուորական ու քաղաքային զոյգ թեւերուն երերուն դիրքն ու անինքնավստահ հոգեվիճակը, քանի որ վիժած է Աթաթուրքի ծրագիրը` միատարր պետութիւն ստեղծելու, եւ մնայուն մղձաւանջը կ՛ապրին անոնք Թուրքիոյ տարանջատումին ու մասնատումին, որուն պաշտօնական ազդանշանը տուաւ վերջերս ՔԱԿ-ի ղեկավարութիւնը, երբ յայտարարեց, թէ քիւրտ ժողովուրդին համար ներկայի միակ այլընտրանքը հարաւարեւելեան նահանգներուն մէջ «քրտական ինքնավարութեան» հռչակումն է` ֆաշական իշխանութեանց (բանակ + ԱԲԿ) ցուցաբերած անհասկացողութեան պատճառով:

Ռեճեփ Մարաշլըի այս հատորը նաեւ մեծ ներդրում մըն է Արեւմտահայաստանի հողային դատի իրաւական հիմնաւորումին ու պաշտպանութեան մէջ: Եթէ մեր մէջ յանկարծ երեւան գան մեկուսապաշտ ինքնասիրահարած «պատմագէտ»ներ կամ պոլիտիկոսներ` առարկելու համար, թէ այս հեղինակը իր հետազօտութիւնը կատարած է «Հայ դատի պատրուակով քրտական դատը հետապնդելու նպատակով…», այդպիսիներու կ՛ըսենք. եկէ՛ք` դուք եւս հետազօտութիւններ կատարեցէք քրտական դատին շուրջ, եւ` «Քրտական դատին պատրուակովը Հայ դատը հետապնդեցէք»… ասիկա ճակատագրակից ժողովուրդներու մտաւորականութեան աւագ պարտականութիւնն է:

Կ՛առաջարկենք ոչ միայն այս հատորին օտար լեզուներու թարգմանութեան գործին սատարել` նպաստելու համար Հայ դատի միջազգային քարոզչութեան, այլեւ` այս հատորի հայերէն թարգմանութեան, նպաստելու համար տատամսող, խարխափող եւ նոյնիսկ դասալիք եղող մեր մտաւորականութիւնը գօտեպնդելու հրատապ դարձած խնդրին… որպէսզի անոնք շատ բան սորվին` Ռեճեփ Մարաշլըի գիտական, պատմա-քաղաքական ու իրաւադիւանագիտական նոր հիմնաւորումներէն, Հայ դատի մասին, նաեւ օգտուին` միջազգայնական մօտեցումին մեծ առաւելութիւններէն…:

Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

(Շար. 2 եւ վերջ)

Share this Article
CATEGORIES