ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԵՏԻԿԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

40 օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան կարգապահ եւ պարտաճանաչ դաշնակցական ընկեր Յովհաննէս Կետիկեանը` ընտանիքին զոհաբերուող հայրը, երկու զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեամբ մտահոգ եւ անոնց ազգասէր ոգիով աճման նախանձախնդիր հայը:

Էշրեֆիէի «Ազատամարտ», Անթիլիասի «Աղբալեան» եւ Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեանց հանգուցեալ ընկերոջ ծանօթ ու հարազատ բոլոր ընկերները եւ համակիր անձերը ցնցուեցան լսելով կանխահաս մահուան գուժը` Յովհաննէս Կետիկեան հայորդիին, որուն գիտակցական կեանքին ընթացքին նկարագրային յատկանիշներ եղան ու մնացին, իր համեստութիւնը, ընկերասիրութիւնը, խաղաղ կամ փոթորկոտ օրերուն` ակումբին մէջ իր մշտական խանդավառ ներկայութիւնը, դաշնակցական կարգապահութիւնը, տրուած որոշումներուն եւ հրահանգներուն` անշեղ գործադրութեան նախանձախնդրութիւնը, կազմակերպութեան իրեն վստահած յարաբերական պարտականութիւններու կատարման ընթացքին` բանակցելու կարողութիւններու ցուցաբերումը, դաշնակցական մեծ ընտանիքի իւրաքանչիւր ընկերոջ հանդէպ անխտիր անկեղծ հարազատի զգացած ապրումը անանձնական:

Պարագաներու բերումով շրջանէ շրջան փոխանցումը երբեւիցէ արգելք չեղաւ մոռնալու երէկի ընկերական շրջանակը. ան միշտ իր տարերքին մէջ էր` Դաշնակցութեան ակումբներուն մէջ:

1970-ական թուականներուն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի փոթորկալի շրջանին, «Ազատամարտ» կոմիտէութեան շրջանի ընկեր, եւ 1990-ական թուականներուն մարմնի անդամ, իր մնայուն ներկայութեամբ ընկերական հաճելի ու խանդավառ մթնոլորտ ալ ստեղծելու կարողութիւն ցուցաբերած է ան:

1992 թուականին փոխանցուած է «Աղբալեան» կոմիտէութեան շրջան:

1996 թուականին Զալքայի վարչութեան, ապա` «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան շրջանին մէջ եղած է մարմնի անդամ:

Յովհաննէս Կետիկեան 13 տարեկանին դժբախտութիւնը կ՛ունենայ կորսնցնելու իր հայրը: Տակաւին պատանի, իր հոգեհարազատ Ներսէս եղբօր հետ փոքր տարիքէն ընտանիքի հօր ծանր պատասխանաուութիւնը վերցուցած է ուսերուն` իր մօր եւ քոյրերուն նկատմամբ ալ` գուրգուրացողի եւ խնամողի դերը:

Ընտանիքի նուիրեալ ամուսին ու հայր` իր Սոնա կնոջ եւ Գարին եւ Րաֆֆի զաւակներուն համար, որոնց հայեցի ոգին ու դաստիարակութիւնը ապահովելու առաքելութիւնը ան վստահած էր Ճեմարանին:

Ընկերային ու ակումբային, ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութեանց` ՀՄԸՄ-ին եւ Համազգայինի բոլոր ձեռնարկներուն յաջողութեան համար չէ սակարկած իր սիրայօժար մասնակցութիւնը եւ խանդավառ ներկայութիւնը:

Վերջին ամիսներուն, կանուխ հրաժեշտի կանխազգացումով կարծես, կը փնտռէր իր հարազատներուն եւ ընկերներուն ներկայութիւնը:

Տակաւի՛ն անցնող քանի մը օրերուն անհուն ուրախութիւնը ունեցաւ վայելելու օտար երկիրներ կայք հաստատած եւ այս օրերուն Լիբանան ժամանած իր քոյրերուն ու հարազատներուն ներկայութիւնը:

Հաւատաւոր դաշնակցական ընկեր Յովհաննէս Կետիկեան խանդավառող ու մշտական ներկայութեանդ քաղցր յիշատակները պիտի պահենք անեղծ:

Երթդ բարի, հաւատաւոր դաշնակցական ընկեր Յովհաննէս Կետիկեան:

«ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ» ԿՈՄԻՏԷ

 

 

Share this Article
CATEGORIES