ՈՒԱՀԱՊ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵՑ ԻՍԼԱՄ ԿԻՆԵՐԷՆ
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներում հայցեց իսլամ կիներէն` նախանցեալ օր անոնց կրած լաչակին դէմ կատարած իր անվայել յայտարարութեան համար:
Ուահապ շեշտեց, որ սէուտցի կնոջ մասին կատարած իր յայտարարութիւնը լեզուի սայթաքում է` աւելցնելով, որ Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Իրաքի մէջ եթէ կիներ չըլլային, ապա հողը պաշտպանող մարտիկներ ու նահատակներ չէին ըլլար:
«Սրբագրելու համար այս սխալը` ես հազար անգամ ներում կը հայցեմ լաչակաւոր բոլոր կիներէն, նոյնիսկ սէուտցի կիներէն:
Առաջին ներումը կը հայցեմ մօրմէս, որ լաչակաւոր էր եւ այդպէս ալ մահացաւ», ընդգծեց Ուահապ:
Յայտնենք, որ Ուահապի կողմէ իսլամ կիներուն կրած լաչակը աղբի սեւ տոպրակներու նմանցնելու վերաբերեալ յայտարարութիւնը արժանացաւ բոլորին, նոյնիսկ իր դաշնակիցներուն դատապարտումին:
Երէկ ուշ գիշերին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ռումբ մը նետուած է Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապի բնակարանին վրայ: Արձանագրուած են միայն նիւթական վնասներ: