ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՐՈՒՏԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Զիատ Պարուտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալոկերոփուլոսը, որ զօր. Աունի հետ քննարկեց լիբանանեան-յունական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական կացութիւնն ու արձանագրուած զարգացումները:
Միւս կողմէ, երէկ յետմիջօրէին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մաարապէն պատասխանեց զօր. Աունի կատարած յայտարարութիւններուն` ըսելով, որ ներքին լիբանանեան որեւէ միջադէպի կամ հարցերու պարագային զօր. Աուն պատասխանատու է իր երկրին եւ Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ ինք առանց իրաւունքի կ՛արդարացնէ այդ հարցերը հրահրողները: