ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՐՏԱԿ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ԿԵՐՏԵՑ ԽԻՄՔԻԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Արտակ Ալեքսանեան

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բարձրագոյն դասակարգի 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Խիմքի 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Վլատիվոսթոքի Լուչ-Էներկիա խումբը:

Խիմքիի հետ դաշտ ներկայացած էին Հայաստանի ազգային հաւաքականի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի եւ Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի միջնապահ Արտակ Ալեքսանեան:

Եթէ Պերեզովսքի անառիկ պահեց իր բերդը, միւս կողմէ Ալեքսանեան կերտեց իր կազմին յաղթանակը` նշանակելով մրցումին միակ կոլը (68-րդ):

Խիմքի, որ այսպիսով արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը, 29-րդ հանգրուանին պիտի մրցի Պալթիքայի դէմ:

Share this Article
CATEGORIES