«ՄԵՆՔ ԿԸ ՀԱՄԲԵՐԵՆՔ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼՈՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԸԼԼԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՄԻՔԱԹԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ արձանագրուած վտանգաւոր իրադարձութիւնները կը պարտադրեն Լիբանանի մէջ հաւասարակշռուած կառավարութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի անիկա այս կամ այն քաղաքական կողմին պիտակը չկրէ:
Միքաթի իր այցելուներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ ինք վարչապետ նշանակուելէն ի վեր կը ջանայ սահմանադրութեան համաձայն կազմել կառավարութիւնը:
Այս ծիրին մէջ ան աւելցուց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը չ՛արտօներ, որ կուսակցութիւն մը, քաղաքական խմբաւորում մը կամ անձնաւորութիւն մը կառավարութեան որոշումները արգելակող մեծամասնութիւնը ունենայ, որովհետեւ բոլորս իրարու կարիքը ունինք` երկրին բազմազանութիւնը պահպանելու եւ աշխուժ կառավարութիւն մը կազմելու համար:
«Հանրապետութեան նախագահը կը վարուի իբրեւ ամբողջ Լիբանանի նախագահ, վարչապետը եւս պէտք է ըլլայ նոյնպէս. հետեւաբար` մենք կը համբերենք եւ անհրաժեշտ հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները կը կատարենք` յայտարարել կարենալու համար երկրին սահմանադրութեան ներդաշնակ եւ լիբանանցիներուն գոհունակութիւն առթող կառավարութիւն մը», ըսաւ Միքաթի: