ՍՊԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ
Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Թրինիտատ Խիմենես Կարսիա Հերերա երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան. ան կու գար Յորդանանէն:
Խիմենեսի Լիբանան այցելութիւնը կ՛իյնայ միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը շրջագիծին մէջ:
Խիմենես Պէյրութի միջազգային օդակայանէն անմիջապէս ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սպանիոյ դիւանագիտութեան պետին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման դրուատեց Սպանիոյ, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանական զօրամասին դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթայի ջանքերը, որոնց ծիրին մէջ ան կը գործակցի լիբանանեան բանակին հետ` ամբողջապէս գործադրելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց սպանական ջոկատին տեղակայուած շրջանին մէջ լիբանանցի բնակչութեան մատուցուած ընկերային ծառայութիւններուն համար:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ արդարութիւնը, խաղաղութիւնը եւ բարգաւաճումը բանեցնելու կարեւորութիւնը` կոչ ուղղելով Միջազգային հանրութեան ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի Լիբանանի դէմ գործուած սահմանային խախտումները կասեցնէ եւ ուղղուի հաստատելու խաղաղութիւնը` հիմնուելով Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան եւ Մատրիտի հեղինակութեան վրայ:
Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ անհրաժեշտ է շրջանին մէջ յաւելեալ ժողովրդավարութիւն կիրարկել:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան ներկայիս տնտեսական եւ ապահովական կայունութիւն կը վկայէ` աւելցնելով, որ երկրին մէջ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին` սահմանադրութեան եւ ժողովրդավարութեան հիման վրայ նոր կառավարութիւն մը կազմելու եւ լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութիւնը պահպանելու իմաստով:
Նախագահ Սլէյման արժեւորեց բոլոր մակարդակներուն վրայ Լիբանանի եւ Սպանիոյ միջեւ հաստատուած յարաբերութիւնները` իր ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները ուղղելով Սպանիոյ եւ անոր Խուան Քարլոս թագաւորին:
Իր կարգին, սպանացի նախարարը շեշտեց, որ շրջան այցելութեան իր նպատակն է Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթի վերսկսումը` նշելով, որ ցարդ իր այցելած երկիրներուն նախագահները փափաք յայտնած են խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթը շարունակել:
Խիմենես յայտնեց, որ այսօր մեծ առիթ կայ, որ բոլոր պետութիւնները շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման նպատակով կատարուելիք բանակցութիւններուն մաս կազմեն: Ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է խաղաղութեան մասին մարտավարական պատկերացում ունենալ:
ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն ընդմէջէն Լիբանանին եւ անոր կայունութեան պահպանման ծառայելու մասին խօսելով` Խիմենես շեշտեց, որ Սպանիա պիտի շարունակէ իր ստանձնած այդ պարտականութիւնը:
ՄԻՔԱԹԻԻ ՄՕՏ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան Վերտանի մէջ ընդունեց Թրինիտատ Խիմենեսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն սպանական հրամանատարութեան, որ ճիգ չի խնայեր ամրապնդելու հարաւի ապահովական կայունութիւնը:
Միքաթի խստիւ դատապարտեց երէկ Ֆաթիմայի դարպասին մօտակայքը իսրայէլեան շրջուն ջոկատի մը կողմէ սպանացի զինուորներուն դէմ կատարուած յարձակումի արարքը` մաղթելով, որ Սպանիա զօրակցի Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ ծովային սահմանագծում կատարել: