ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Նշենք, որ երեսփոխաններուն հետ ունեցած չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ծիրին մէջ, Պըրրի ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումը անընդունելի է` շեշտելով կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային կազմելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրներուն եւ ստանձնել լիբանանցիներու կեանքին բարելաւման նպաստող անհրաժեշտ թղթածրարներուն լուծման պատասխանատուութիւնը:
Պըրրի ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ուշացնելու առումով ոչ մէկ պատճառաբանութիւն կամ բացատրութիւն կայ այլեւս:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի նշեց, որ Լիբանանի մէջ քարիւղի պեղման հարցը կառավարութեան չգոյութեան զոհն է:

