ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԴՈՒՆԻԼ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երկրորդ օրն ըլլալով Պքերքէի մէջ շարունակեց ընդունիլ շնորհաւորութիւնները` իր ընտրութեան առիթով:
Ռայի պատրիարքին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` մաղթելով, որ Պշարա (հայերէնով կը նշանակէ Աւետիս) Ռայի պատրիարքը աւետիս մը ըլլայ ամբողջ Լիբանանին համար, ինչպէս նաեւ հովիւ մը` բոլոր լիբանանցիներուն:
Պըրրի յոյս յայտնեց, որ մարոնի պատրիարքը լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ չ՛ըլլայ, այլ զանոնք բոլորը իրարու մօտ համախմբողը:
Պքերքէի հետ Սուրիոյ կողմէ պաշտօնական առաջին հաղորդակցութեան ծիրին մէջ, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի այցելեց Ռայի պատրիարքին եւ անոր փոխանցեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի շնորհաւորութիւնները` ընդգծելով, որ Ռայի պատրիարքին դիմաց Դամասկոսի դռները բաց են:
Ալի յայտնեց, որ Սուրիա կը զօրակցի մարոնի պատրիարքին եւ Լիբանանին միայն բարիք կը ցանկայ:
Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, որուն ընկերակցեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան եւ ճարտարարուեստի նախարար Աբրահամ Տէտէեան:
Զօր. Աուն նաեւ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց պատրիարքին` շեշտելով, որ իրենք շատ բան կը յուսան Ռայի պատրիարքէն, որովհետեւ տարբեր հանգրուաններու ընթացքին մարդ անհատը կ՛օգտուի իրազեկ դառնալով իր համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն մասին:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքին ընտրութիւնը շնորհաւորելու համար Պքերքէ այցելեցին մեծ թիւով քաղաքական, պետական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ:
Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ սիրոյ եւ գործակցութեան իր պատգամին ծիրին մէջ ինք պիտի գործէ, որպէսզի բոլոր լիբանանցիները իրարու հետ սիրով ապրին եւ գործակցին:
Պքերքէ ժամանած ուսանողներուն ներկայութեան իր արտասանած խօսքին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ուսանողներն են Լիբանանի հարստութիւնը եւ երկրին ապագան:
Նշենք, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ այսօր պիտի այցելէ Պքերքէ` շնորհաւորելու համար Ռայի պատրիարքը:
Իսկ յառաջիկայ ուրբաթ, 25 մարտին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Պշարա Ռայի պատրիարքին գահակալութեան արարողութիւնը: