«ԿԸ ՄԱՂԹԵՆՔ, ՈՐ ՌԱՅԻ ԲՈԼՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ ՄԻԱՒՈՐՈՂԸ ԸԼԼԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Պշարա Ռայի պատրիարքը լիբանանցիներուն եւ քրիտոնեայ համայնքին դիմագրաւած դժուար հանգրուաններուն ընթացքին պատրիարք ընտրուած է:
Ան շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը հոգեւոր մեծ հեղինակութիւն է բոլոր քրիստոնեաներուն համար` մաղթելով, որ ան բոլոր լիբանանցիները միաւորողը ըլլայ:
«Մենք կը հաւատանք, որ Ռայի պատրիարքը կարողութիւնը ունի ստանձնելու այդ հսկայ պատասխանատուութիւնը եւ մենք մեր բոլոր կարելիութիւնները անոր տրամադրութեան տակ կը դնենք», ըսաւ ան` նշելով, որ մենք նոր հանգրուանի մը դիմաց կը գտնուինք եւ կ՛ակնկալենք, որ ան քրիստոնեայ բոլոր կողմերը համախմբէ:
CATEGORIES Լիբանանեան