ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԸՐՐԻՆ

Նախագահ Սլէյման եւ Պըրրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան աշխատանքի եւ տեղեկատուութեան նախարարներ Պութրոս Հարպ եւ Թարեք Մըթրի, որոնք նախագահին հետ քննարկեցին իրենց նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր եւ յաջորդ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյման եւ պետական նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

 

Share this Article
CATEGORIES