50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (19 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ
ԸՆԿ. ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆԻ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

Լոս Անճելըսէն կը գրեն մեզի 9 սեպտեմբեր թուականով.-

Երէկ գիշեր Լոս Անճելըսի բոլոր կոմիտէներէն հոծ թիւով ընկերներու ներկայութեան, ՀՅԴ Հայ կեդրոնի սրահին մէջ զեկուցական խանդավառ ժողով մը տեղի ունեցաւ:

Ժողովէն ետք ընկերներու եւ համակիրներու խուռն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ մասնաւոր ընդունելութիւն մը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ` ի պատիւ ընկ. Մինաս Թէօլէօլեանի:

Մ. Թէօլէօլեան, որ սեպտեմբեր 1-էն ի վեր կը գտնուի մեր մէջ, նախ մասնակցեցաւ ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէութեան շրջանի Պատգամաւորական Բ. ժողովին` իբրեւ ներկայացուցիչ ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի` մանրամասն զեկուցում մը տալով այդ ժողովին մէջ: Ապա բանախօսեց Սան Ֆրանսիսքոյի հրապարակային ճաշկերոյթ-հանդէսին` ժողովրդային թէ ընկերական շրջանակներու մէջ ստեղծելով ջերմ խանդավառութիւն:

Մ. Թէօլէօլեան, ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէի կարգադրութեամբ, յաջորդաբար եւ առանձնապէս խօսեցաւ նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի, Ֆրեզնոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ, ուր ստեղծեց ոգեւորութիւն, խանդավառութիւն եւ հաւատք` ՀՅ Դաշնակցութեան հանդէպ:

Այս առթիւ ան շփումներ եւ տեսակցութիւններ ունեցաւ նաեւ երեք քաղաքներու երիտասարդական շրջանակներուն եւ ազգային ու եկեղեցական ծանօթ դէմքերու հետ. Ճ. Մարտիկեան, Ալեք Փիլիպպոս, Սոֆիա Յակոբեան, Արշի Տիգրանեան, Մեսրոպ վրդ. Եղիայեան, Սմբատ աբղ. Լափաճեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Մ. Թէօլէօլեանի ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութեան սեղանին կ՛ատենապետէր Բիւզանդ Կռանեան, որ ներկայացուց օրուան հիւրը` իբրեւ մտաւորական եւ հանրային գործիչի, թուելով անոր գրագէտի, ուսուցիչի, հրապարակագրի եւ կազմակերպական ծառայութիւններն ու պաշտօնները եւ թարգման հանդիսանալով ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ շրջանի բոլոր կոմիտէներուն եւ ընկերներուն համակրանքի զգացումներուն:

Վերջին խօսքը առաւ Մ. Թէօլէօլեան: Ան ընկերներուն փոխանցեց ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի ողջոյնները, պարզեց ՀՅ Դաշնակցութեան առաքելութիւնը, ներկաները համակեց իր տաք ու հաղորդական շունչով եւ ստեղծեց ընդհանուր ոգեւորութիւն:

Ընկերոջ ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութիւնը վերջ գտաւ Բ. Կռանեանի փակման խօսքով: ԿԿ-ին եւ ընկերներուն, Կռանեան խնդրեց Մ. Թէօլէօլեանէն, որպէսզի, իբրեւ քարտուղարը այդ մարմինին, քոյր ԿԿ-ի եւ այդ շրջանի ընկերներուն փոխանցէ իրենց ջերմ ողջոյններն ու յաջողութեան մաղթանքները: ՀՅԴ Ամերիկայի շրջանի կազմակերպական նոր յաջողութիւններուն եւ վերելքին համար:

Ընդունելութիւնը վերջ գտաւ ուշ գիշերին, ընդհանուր խանդավառութեան մէջ:

ՆԿԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

Օգոստոս 22-ին Երեւանի մէջ բացուեցաւ Երանուհի եւ Մարիամ Ասլամազեան քոյրերու նկարահանդէսը` ի ներկայութեան գեղարուեստասէր հոծ հասարակութեան:

Քանդակագործ ակադեմական Արա Սարգսեան հետեւեալ ձեւով բնորոշած է Ասլամազեան քոյրերուն արուեստը, իր բացման խօսքին մէջ:

– Ասլամազեան քոյրերի գրաւիչ եւ ներգործուն արուեստը մեր հասարակութեան վաղուց է ծանօթ: Երկու քոյրեր, երկու ստեղծագործական խառնուածքներ. Երանուհի Ասլամազեանի գործերը համակուած են վիպապաշտական շունչով, գունային մեղմ փոխանցումներով, բանաստեղծական որոշակի տրամադրութեամբ: Մարիամ Ասլամազեանի գործերում առկայ են յախուռն թափ, գունագեղ հակոտնեայ լուծումներ, անհանգիստ խառնուածք:

Այնուհետեւ խօսք առած են ուրիշներ եւ իրենք` արուեստագէտ քոյրերը, որմէ ետք կտրուած է ժապաւէնը, եւ այցելուները սկսած են դիտել Երանուհի Ասլամազեանի 25-ամեայ եւ Մարիամ Ասլամազեանի 30-ամեայ ստեղծագործութեան արգասիքը հանդիսացող 874 գործեր:

ՆՈՐ ՋԵՐՄԱՆՈՑ

Երեւանցիները թարմ բանջարեղէնով ապահովելու համար քաղաքին հարաւային ծայրամասին մէջ շինուելու վրայ է նոր, մեծ ջերմանոց մը:

Ջերմանոցներուն համար յատկացուած հողամասը ունի հողային եւ կլիմայական բարենպաստ պայմաններ: Հողը պիտի մշակուի նորագոյն թեքնիքի բարձր միջոցներով, եւ լայնօրէն պիտի օգտագործուին կլիմայական պայմանները, յատկապէս` արեւին ճառագայթները:

Մշակելի հողերը տաքցնելու համար պիտի օգտագործուին նաեւ Երեւանի ջերմաելեկտրակայանը, բնական կազը եւ գործարաններէն հոսող տաք ջուրերը:

Այս տարի արդէն ջերմանոցը երեւանցիներուն պիտի հայթայթէ երկու հարիւր թոն բանջարեղէն: Յառաջիկայ տարի արտադրութիւնը պիտի ըլլայ աւելի շատ` վեց հարիւր թոն, որ պիտի քառապատկուի եօթնամեակի վերջաւորութեան:

Share this Article
CATEGORIES