ԺԻՒՏՕ. ԳԱՐԻԿ ԵՒ ԳՈՌ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆՆԵՐ` ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Պելճիքայի մէջ սկսած ժիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն (20 տարեկանէն վար) առաջին օրը հայ մարզիկները արդէն իսկ տիրացան երկու ոսկի մետալի:
55 քկ դասակարգին մէջ Եւրոպայի ախոյեան հռչակուեցաւ Գարիկ Յարութիւնեան, որ աւարտականին յաղթեց Վրաստանի ներկայացուցիչ Լերի Չելեծիին:
Իսկ 60 քկ դասակարգին մէջ Գոռ Յարութիւնեան` յաղթելով ֆրանսացի Վենսան Լիմարի, տիրացաւ ոսկի մետալին:
Իր տիրացած այս երկու ոսկի մետալներուն շնորհիւ, այժմ Հայաստան կը գրաւէ մետալներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը:
CATEGORIES Մարզական