Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. ԵՐԷԿ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ՏՐՈՒԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ 34-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՌԵԼԻԻՆ
Ներկայութեամբ հարիւրաւոր հանդիսատեսներու, երէկ յետմիջօրէին Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիէն ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի 34-րդ միջազգային ռելիին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 42 ինքնաշարժներ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը կը ներկայացնէր հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի: Անոր կողքին նաեւ կը գտնուէին հիւրեր եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Նախքան ռելիին ազդանշանը տրուիլը, չորս անուանի վարորդներ` քաթարցի Նասեր Սալեհ Աթիէ, լիբանանցիներ Ռոժէ Ֆըղալի, Միշել Սալեհ եւ Նիք Ճիորճիօ, տուին յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` արտայայտելով իրենց կարծիքը տեղի ունենալիք այս ռելիին մասին:
Թէեւ անոնք բոլորն ալ յոյս յայտնեցին, որ պիտի փորձեն գրաւել առաջնակարգ դիրքեր, սակայն շեշտեցին, որ ինչ ալ ըլլան արդիւնքները, ամէնէն կարեւորը բոլոր վարորդներուն անվնաս դուրս գալն է այս ռելիէն:
Նշենք, որ ռելին կ՛աւարտի վաղը` կիրակի, 18 սեպտեմբերին, երբ երեկոյեան ժամը 18:30-ին տեղի կ՛ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը: