ԺԵՀԻԹԱՅԻ ՔԱՐԱՅՐԻՆ ՄԷՋ ԶՈՒՏ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄ ՆԿԱՏՈՒՈՂ ՆՈՐ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ ՄԸ

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը. ձախին` Նեպիլ Հատտատ, աջին` սուզորդները եւ բացայայտումին ընթացքին անոնց օգտագործած արհեստագիտական տարբեր սարքերը:

Աշխարհի հրաշալիքներէն մէկը ընտրուելու թեկնածու Ժեհիթայի քարայրը, որ Մեթն-Քեսրուան շրջանին եւ յատկապէս Նահր Քելպի կիրճին մէջ կը գտնուի եւ կ՛երկարի 2130 մեթր տարածութեան վրայ, նոր գաղտնիք մը բացայայտած է` փսփսալով լիբանանցի երեք սուզորդներու ականջին:

Լիբանանցի երեք սուզորդներ` Ճօ Խուրի, Ժոզեֆ Շարպին եւ Հապիպ Հատտատ, միանալով քարայրներու մէջ սուզումներ կատարող «Մափաս» ընկերութեան անձնակազմին, որոնցմէ գլխաւորաբար` Նեժիպ Նեժիպի եւ Այման Իպրահիմի, 2004-էն ի վեր կատարեցին մեծ թիւով սուզումներ, մինչեւ որ կրցան բացայայտել ստորերկրեայ նոր քարայր մը, որուն հասնելու համար անոնք վտանգեցին իրենց կեանքերը:

Մեթն-Քեսրոուան շրջանէն մինչեւ Պալլունէ երկարող այս քարայրը, որ արժանի է նկատուելու աշխարհի նորագոյն եօթը հրաշալիքներուն շարքին, այս հանգրուանին կ՛ապրի բացայայտումի արկածախնդրական ժամանակաշրջան մը, որուն մասին անդրադառնալով` լիբանանցի երեք սուզորդները կ՛ըսեն, թէ իրենց համար հետախուզումը չէ աւարտած, այլ նոր սկսած է: «Իսկ քարայրին մէջ կատարուած բացայայտումը պարզապէս նուաճում մըն է աւելի մեծ ծրագիր մը իրականացնելու ճամբուն վրայ, որովհետեւ բացայայտումներուն լոյսին տակ կարելի է հաստատել, որ քարայրը ունի երկրաբանական մեծ անակնկալներ եւ միջանցքներ, որոնք հետախուզման կարիքը ունին», շեշտեցին սուզորդները:

Այս ծիրին մէջ Ժեհիթայի քարայրին տնօրէնութիւնը անցեալ շաբթուան ընթացքին կազմակերպեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ներկայ գտնուեցան «Մափաս»ի նախագահ Նեպիլ Հատտատ եւ Ժեհիթայի ջրային բաժանմունքին մէջ  հետախուզումներու մասնակից անձնակազմին հինգ անդամները:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ Ռոժէ Ազար, Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի ներկայացուցիչ Խալիլ Քլինք, զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Խաթիպ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի զբօսաշրջութեան յանձնախումբի նախագահ Մոհամետ Մաշմուշի:

Սուզումի պատրաստուելու ընթացքին:

«Մափաս»ի նախագահ Նեպիլ Հատտատ յայտնեց, որ կամաւոր սուզորդներու խումբը 2004-էն ի վեր կատարած է շարք մը փորձեր` շուրջ 35 անգամ սուզուելով քարայրին ստորերկրեայ գետերուն անցքերուն մէջ եւ շուրջ 70 ժամ նկարելով այդ միջանցքները: Ան ըսաւ, որ հոն գտնուող որոշ միջանցքներ սուզորդներուն եւ քարայրի տնօրէնութեան մէջ արթնցուցած են քարայրը ճանչնալու գիտական հետաքրքրութիւնը, որուն գոհացման համար օգտագործուած են մեծ գումարներ արժող արդիական արհեստագիտութիւններ, որոնց մեծ մասը բերուած են Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայէն:

Հատտատ շեշտեց, որ սուզորդներուն հետախուզումներուն իբրեւ արդիւնք` կարելի եղած է շարունակել քարայրին ստորերկրեայ ջրային տարածքին միջանցքներուն մէջ սկսած ուղեւորութիւնը եւ հասնիլ հսկայ սրահի մը, որ լեցուն է իւրայատուկ գունաւոր արձաններով եւ կը պարզէ բնական հմայիչ գեղեցկութիւն մը:

Ժեհիթայի մէջ նոր բացայայտումը կատարող անձնակազմը:

«Դժուար եւ վտանգաւոր պայմաններու տակ կատարուած այս սուզումներն ու հետախուզումները մեզ առաջնորդեցին Միջին Արեւելքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պատրաստելու երեք տարաչափութեամբ քարտէս մը` բացայայտուած ստորերկրեայ գետին մասին, ինչպէս նաեւ կարելի եղաւ առաջին ժապաւէնը պատրաստել` շնորհիւ ստորերկրեայ նկարահանման», նշեց Հատտատ:

Անդրադառնալով սուզորդներու խումբին դիմագրաւած դժուարութիւններուն` Հատտատ ակնարկեց քարայրին նեղ միջանցքներուն դրութեան, նկատել տալով, որ սուզորդները ստիպուած եղած են նաեւ փորելու որոշ անցքեր, որպէսզի իրենք աւելի լայն միջոց ունենան թափանցելու այդ անցքերէն ներս: Ան շեշտեց, որ ամէնէն վտանգաւոր կացութիւնը եղած էր այն, որ երբ սուզորդները կը գտնուէին քարայրի ստորերկրեայ ջուրերուն մէջ, անոնց վրայ թափած էին ցեխի եւ քարի կտորներ, որոնք փակած էին անոնց տեսադաշտը, սակայն անոնք կրցած էին շրջանցել ցեխի կոյտերը եւ դուրս գալով անցքերէն` շարունակած էին իրենց յառաջընթացը:

Երեք տարաչափութեամբ նկարահանուած ժապաւէնէն տեսարաններ:

Հատտատ շնորհակալութիւն յայտնեց հետախուզման աշխատանքները կատարող անձնակազմին, որ ջանք եւ ժամանակ չէր խնայած հասնելու համար Ժեհիթայի ստորերկրեայ ջրանցքներուն եւ ծանօթանալու ջուրին քանակին եւ տեսակին, որուն իբրեւ արդիւնք` կը բարձրանայ քարայրին արժէքը: «Իսկ ի պատիւ սուզորդներուն կատարած այս հսկայ աշխատանքին` բացայայտուած այդ անցքերը անուանուեցան անոնց անունով», ըսաւ Հատտատ:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին սփռուեցաւ  նաեւ 17 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէն մը, որուն մէջ ներկայացուեցան սուզումին մասին մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ ցոյց տրուեցան ստորերկրեայ միջանցքներն ու սուզորդներու դիմագրաւած դժուարութիւնները` կատարելու համար այդ բացայայտումը:

Մամլոյ ասուլիսէն ետք տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին Հատտատ նշեց, որ լիբանանցի սուզորդները կրցած են սուզուիլ 250 մեթր երկարութեամբ եւ 35 մեթր խորութեամբ անցքի մը մէջ: «Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ այդ միջանցքին սահմանները ո՞ւր կ՛աւարտին: Հետախուզումներու առաջին հանգրուանը աւարտած կը նկատենք եւ կարիքը ունինք աւելի արդիական ու մասնագիտական սարքերու` կարենալ իրագործելու համար հետախուզման երկրորդ հանգրուանը», ըսաւ ան:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Հատտատ նշեց, որ հետախուզումներուն ընթացքին կարելի եղած է նաեւ ճշդել, թէ Ժեհիթայի քարայրին ջրային բաժինը միայն Տարայայի ակերէն բխող ջուրերով չէ, որ կազմուած է, աւելցնելով, որ կան նաեւ այլ ակեր, որոնք սակայն կարելի չէ եղած ճշդել:

Քուէարկեցէ՛ք աշխարհի 7 արդի հրաշալիքներէն մէկը ընտրուելու թեկնածու քարայրին: www.new7wonders.com/vote-2

Նապիլ Հատտատ ընդգծեց նաեւ, որ Ժեհիթայի քարայրին բացայայտումը գիտական է եւ ոչ` զբօսաշրջական, նկատի ունենալով բացայայտուած սրահներուն հասնելու դժուարութիւնը:

Հատտատ ընդգծեց, որ Ժեհիթայի բացայայտումը պետական ոչ մէկ օժանդակութիւն կամ զօրակցութիւն վայելած է, աւելցնելով, որ քարայրին դիմագրաւած հիմնական հարցերէն մէկն է այն, որ հոն այցելողներուն համար արտաքնոցներ չկան:

Ան նշեց սակայն, որ «Մափաս» իր բացայայտած բոլոր տեղեկութիւնները պիտի զետեղէ ուժանիւթի եւ ջուրի նախարարութեան տրամադրութեան տակ, որպէսզի կարելի ըլլայ այս շրջագիծին մէջ գործակցիլ պետութեան հետ:

«Մենք պետութեան կողմէ ոչ մէկ զօրակցութիւն ստացած ենք, սակայն կը մաղթենք, որ այս բացայայտումէն ետք կարելի կ՛ըլլայ պետութեան հետ շարունակել գործակցութիւնը», ըսաւ Հատտատ:

Անդրադառնալով Ժեհիթայի քարայրին մէջ կատարուած այս բացայայտումի մանրամասնութիւններուն` Հատտատ դիտել տուաւ, որ անոր նուաճումներէն մէկը այն է նաեւ, որ Ժեհիթա աշխարհի տարածքին գտնուող բոլոր քարայրներուն նման ունեցաւ երեք տարաչափութեամբ քարտէս մը, ինչպէս նաեւ` ժապաւէն մը:

Հատտատ նշեց, որ այս բացայայտումը կատարելով` «Մափաս» կրցած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը տեղեակ պահել, թէ Ժեհիթայի մէջ կայ ստորերկրեայ գետ մը, որ ջուր կը հայթայթէ Պէյրութի բնակչութեան 70 առ հարիւրին:

«Այս բացայայտումին շնորհիւ` մենք կրնանք առաջքը առնել նաեւ ջուրի ապականումին եւ գիտնալ անոր աղբիւրը: Արդէն իսկ մեզի համար յստակ է, որ Ժեհիթայի ջուրի ապականման աղբիւրը միայն Տարայայի մէջ չի գտնուիր, այլեւ` ուրիշ վայրերու, եւ մօտիկ ապագային մենք պիտի կարենանք այդ ապականումին առաջքը առնել», շեշտեց Հատտատ:

«Աւելի՛ն. Լիբանանի մէջ, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ եւ ծովուն յատակը կատարուած են այնպիսի բացայայտումներ, որոնք կը ներկայանան իբրեւ մեծ արժէքներ, սակայն անոնք տակաւին գաղտնի կը պահուին` շարունակելու համար հետախուզումներն ու գիտական ուսումնասիրութիւնները», ըսաւ ան:

Մամլոյ ասուլիսի աւարտին Նեպիլ Հատտատ յուշանուէր մը ստացաւ Լիբանանի միջազգային համալսարանի նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատէն:

Ժեհիթայի քարայրը իր գեղեցկութեամբ, շթաքարերուն եւ պտկաքարերուն հմայքով, ինչպէս նաեւ կատարուած այս նոր բացայայտումով թեկնածու է ընտրուելու աշխարհի արդի 7 հրաշալիքներէն մէկը, հետեւաբար կարելի է քուէարկել ի նպաստ Ժեհիթայի` այցելելով www.new7wonders.com/vote-2 կայքէջը:

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES