«ՁԵՌՔ ՁԵՌՔԻ»(HAND IN HAND)(ՀԵՂԻՆԱԿ` ԹԱՄԱՐ ԱԲՈՎԵԱՆ-ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ)

2011-ին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն անգլերէնով լոյս տեսաւ Թամար Աբովեան-Խանճիհանեանի «Ձեռք ձեռքի» խորագրեալ պատանեկան հրատարակութիւնը, զոր նկարազարդած է Մարիա Սահակեանը եւ էջադրած` Կարինէ Եփրեմեան-Չոլագեանը:

22 էջերէ բաղկացած սոյն գրքոյկը հեղինակը կը ձօնէ բոլոր հայ մանուկներուն, որոնք ունին նոյն տեսիլքը:

Արդարեւ, «Ձեռք ձեռքի» խորագրեալ գործին հեղինակը` Թամար Աբովեան-Խանճիհանեան, կը սկսի ներկայացնել պատմական Հայաստանի լեռնաշխարհին եւ աւանդութիւններուն մասին իր հակիրճ ծանօթութիւնները` հետեւեալ սրտառուչ պատմութեամբ:

Կ՛ըսէ, թէ ժամանակին կար տղայ մը, որ կ՛ապրէր փոքր երկրի մը մէջ: Անոր անունն էր Արամ եւ տասներեք տարեկան էր: Արամ ունէր երազ մը, որ շատ մօտ էր իր սրտին:

Շատ բաներ սորված էր Արամ աշխարհագրութեան եւ պատմութեան դասերու պահուն այն կախարդական երկրի մասին, ուրկէ սերած էին իր նախահայրերը: Ան գիտէր ամէն մանրամասնութիւն Արարատ անունով կոթողական լերան մասին: Կը սքանչանար` իմանալով, թէ ի՜նչ փառահեղ շքեղութեամբ կը կառուցուէին եկեղեցիները:

Արամ կը մագնիսանար ամէն անգամ, երբ մտիկ ընէր ժողովրդային սքանչելի աւանդութիւնը Վանայ ծովու Աղթամար կոչուած կղզիին մէջ բնակող այն աղջկան մասին, որ ամէն գիշեր իր լապտերը կը վառէր, որպէսզի իր սիրած էակը ապահով հասնէր կղզի: Հսկայական լեռնաշղթաները կը պատմէին անհամար պատերազմներու մասին, որոնք տեղի ունեցան հայրենիքի մէջ տարբեր ժամանակներուն, եւ փոխանակ կործանարար ազդեցութիւն ձգելու հայ ժողովուրդի բարոյականին վրայ` այդ պատերազմները զօրացուցին հայրենի բնակիչները, ամրացնելով միութեան գաղափարը անոնց մէջ: Արամ գիտէր, թէ այս երկիրը բաժնուած էր, եւ թէ` սովորական մարդոց կարողութենէն շատ բարձր եւ հզօր ուժ մը միայն կրնար միացնել զայն:

Եթէ հարց տրուէր Արամին, թէ ի՞նչ պատճառներով տեղի ունեցան բազմաթիւ պատերազմներ հայրենիքի մէջ, հպարտօրէն ան կը բացատրէր. «Հայրենիքին ռազմագիտական դիրքին պատճառով»:

Արամ սորվեցաւ շատ բան: Ան աճեցաւ եւ դաստիարակուեցաւ` ստանալով բազմաթիւ ծանօթութիւններ իր հայրենի երկրի մասին: Բայց հայրենիքէն հեռու ապրելով` չէր կրնար տեսնել ու վայելել իր սեփական աչքերով այն բոլոր հրաշագեղ  երեւոյթները, զորս Արարիչը շնորհած էր իր մեծ ազգին:

Շարունակելով իր պատմութիւնը` Թամար Աբովեան-Խանճիհանեան կ՛ըսէ, թէ Արամ, օր մը, փոխանակ դպրոց երթալու, թողուց դասարանը եւ գնաց մօտակայ գրադարանը, ուր Արամ եւ գրավաճառ Գէորգ ողջունելէ ետք զիրար, ունեցան սիրալիր խօսակցութիւն: Արամ գրադարանի մնայուն յաճախորդը ըլլալուն` Գէորգ գիտէր, թէ որո՛նք են անոր նախասիրած գիրքերը: Ուստի Արամ առանց թելադրանքի ուղղուեցաւ դէպի «աւանդութիւններու» յատուկ բաժինը եւ մխրճեց ինքզինք գիրքերու մէջ:

Մինչ Արամ գիրքերուն կը նայէր, վերի դարակէն բան մը իր ուշադրութիւնը գրաւեց: Գիրք մըն էր, զոր ջերմապէս ան կը փափաքէր ունենալ: Առանց ժամանակ կորսնցնելու` Արամ ձեռնեց այդ գիրքը, թերթատեց եւ խորացաւ անոր էջերուն մէջ:

Այսպէս, կարդալով յիշեալ գիրքը` Արամ այնպէս երեւակայեց, թէ նստած էր ձիու մը թամբին վրայ եւ կ՛ընթանար հանդարտ երկրի մը մէջէն: Իր շուրջ կը զգար միայն խաղաղութիւն, հանդարտութիւն եւ մաքրութիւն: Որոշ միջոց մը կտրելէ ետք, ձայնեց ձիուն, որ կենայ: Արամ եւ ձին կանգ առին:

Հեղինակը շարունակելով իր պատմութիւնը` կ՛ըսէ, թէ Արամ տեսաւ իր դիմաց երեք հսկայ հայելիներ: Երբ կը նայէր հայելիներու մէջէն, անոնք կը պատկերացնէին տեսողական կերպով ճշգրիտ նկարագիրը իր մտածումներուն, երազներուն եւ յոյսերուն: Ան կրնար դիտել այդ հայելիներուն միջոցով ուրախ կամ տխուր այն դէպքերը, զորս պիտի դիմագրաւէր:

Արամ կը բաղձար շարունակել իր ուղեւորութիւնը` ցանկալով գիտնալ, թէ ի՞նչ պիտի պատահի յաջորդիւ: Երկար ատեն մը նայեցաւ իր ձիուն, որ իր միակ անխարդախ ընկերակիցն էր այդ մաքուր ու վճիտ աշխարհին մէջ: Այս իւրայատկութեան համար ան չէր ուզեր կորսնցնել իր ձին:

Ձին զօրաւոր կազմուածք ունենալուն` Արամ զայն կոչեց Ասլան, որ կը նշանակէր քաջ եւ զօրաւոր: Ան նստաւ ձիուն թամբին վրայ եւ մեկնեցաւ անծանօթ ուղղութեամբ: Յանկարծ Արամ իր շունչը բռնեց, երբ գտաւ ինքզինք երկնային վայելչութեամբ օժտուած պարտէզի մը մէջ, ուր տեսաւ գոյնզգոյն ծաղիկներ, որոնք բոլորովին տարբեր էին դաշտագնացութիւններու ընթացքին իր ըմբոշխնած բազմերանգ ծաղիկներէն` իրենց ձեւով, գոյնով եւ հիւսուածքով: Այն պահուն, երբ Արամ երկնցաւ կանաչ խոտերով ծածկուած գետնին վրայ, մտաւ երազներու աշխարհէն ներս:

Երբ Արամ արթնցաւ, իրեն այնպէս թուեցաւ, թէ խոր քուն մը քաշած էր տարուան մը չափ երկար: Անմիջապէս ոտքի ելաւ եւ նայեցաւ չորս կողմ` փնտռելով Ասլանը, եւ տեսաւ, թէ Ասլան ջուր կը խմէր մօտակայ առուակէ մը:

Արամ նոյնպէս յագեցուց իր ծարաւը եւ  շարունակեց քալել հոսանքն ի վար, մինչեւ որ հասաւ վայր մը, ուր հոսանքը առաւել լայն էր եւ ջուրը առաւել ցուրտ: Ամէնուրեք կային ծառեր եւ կը տիրէր մթութիւն: Տերեւազուրկ ծառերու հաստ ճիւղերը վախով պարուրեցին Արամին սիրտը, որ կը կարծէր, թէ ճիւղերը լայն բազուկներ են, որոնք զինք պիտի հարուածեն:

Պահ մը ետք Արամ հանդիպեցաւ շատ տարօրինակ տեսքով ծառի մը: Յանկարծ տեսաւ բացուածք մը այդ ծառին կոճղին մէջ, որուն մէջէն կը յայտնուէր աղօտ լոյս մը: Արամ, նախ թէեւ` տատամսոտ, մտաւ այդ ծառին բացուածքէն ներս եւ հետեւեցաւ լոյսին:

Թամար Աբովեան-Խանճիհանեան շարունակելով իր պատմութիւնը` կ՛ըսէ, թէ լայն նրբանցքի մը վերջաւորութեան Արամ նկատեց կարգ մը նեղ անցքեր, որոնցմէ մէկուն մէջէն լսեց ձայն մը, որ զինք կը կանչէր: Հետեւեցաւ այդ ձայնին եւ գտաւ ինքզինք դատարանին մէջ Սփինքսին յանդիման, որ խիստ շեշտով մը կ՛արգիլէր Արամին մուտքը ծառին բացուածքէն ներս: Սակայն Արամ մերժեց գործադրել Սփինքսին հրահանգը այն դիտաւորութեամբ, թէ պիտի շարունակէր հետազօտել նեղ նրբանցքները, ի՛նչ ալ ըլլար արդիւնքը իր հետազօտական աշխատանքին:

Սփինքսը քննութիւն պահանջեց Արամէն, որ ձախողելու պարագային` պիտի դառնար այդ դատարանին յաւիտենական ստրուկը:

Արամ յօժարեցաւ մասնակցիլ քննութեան: Ան պիտի տար ճշգրիտ պատասխանը` այն հարցումին, թէ որքա՞ն է տարողութիւնը յաւերժութեան (forever):

Արամ հատու ակնարկով մը նայեցաւ  Սփինքսին եւ քանի մը վայրկեան ետք պատասխանեց. «Յաւերժութիւնը այն վայրկեանն է, երբ դուն կը զգաս քու մեծագոյն երջանկութիւնդ»:

Զարմացած Արամին տուած պատասխանէն, Սփինքսը գովեց անոր ուշիմութիւնը` ըսելով, թէ Արամ արժանի էր իրագործելու իր փափաքներն ու երազները: Եւ, ապա, տալէ ետք Դրական Ուժերու Առաջնորդին հետ հանդիպելու իր հաւանութիւնը, Սփինքսը ցոյց տուաւ Արամին ազատ դուռը:

Արամ շարունակեց իր ճամբան եւ մօտաւորապէս երկու մղոն ետք հասաւ հեռաւոր վայր մը, ուր սկսաւ անձրեւել եւ հողը վերածուեցաւ ցեխի, հետզհետէ սաստկացող անձրեւին տակ Ասլանը ընկղմեցաւ ցեխին մէջ:

Արամ կորսնցուց իր քաջութիւնը եւ սկսաւ ողբալ իր կորսուած ընկերոջ վրայ:

Եզրափակելով իր պատմութիւնը, հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Արամ դանդաղօրէն զսպեց ինքզինք, նայեցաւ իր շուրջ` տեսնելու համար, թէ ի՞նչ պիտի ընէր յաջորդիւ: Անձրեւը դադրեցաւ եւ ծիածան մը երեւցաւ երկնքին վրայ: Ծիածանին գոյները տարբեր էին: Այս գոյները ծանօթ էին իրեն: Գիտէր, թէ պիտի հետեւէր ծիածանին: Ան հետեւեցաւ, մինչեւ որ հասաւ այնտեղ, իր նպատակին, ուր Դրական Ուժերու Առաջնորդը զինք կը սպասէր:

Յիշեալ Առաջնորդը երկինք տարաւ Արամը եւ ցոյց տուաւ անոր իր ինքնիշխան հայրենիքը: Արեւելեան Հայաստանն ու Արեւմտեան Հայաստանը հոն էին` ձեռք ձեռքի բռնած եւ Արարատ Լեռը կը պահպանէր զանոնք: Դրական Ուժերու Առաջնորդը իմացուց Արամին, որ կը գտնուէր երազներու աշխարհի մը մէջ, եւ թէ` վերջնականօրէն պիտի երթար իր պատկանած երկիրը:

Ուրախութեան, հպարտութեան եւ յաջողութեան զգացումով պարուրուեցաւ Արամ, երբ անդրադարձաւ, թէ ինք կրցած էր տալ ճշգրիտ պատասխանը` «որքա՞ն է տարողութիւնը յաւերժութեան» հարցումին:

Արամ իրագործած էր իր երազը եւ հիմա պատրաստ էր վերադառնալու իր նախնիներուն աճիւնովը սրբագործուած փոքր հայրենիքը…

Արդարեւ, Թամար Աբովեան-Խանճիհանեանի «Ձեռք ձեռքի» խորագրեալ գործը ոգեշնչման աղբիւրն է այն բոլոր հայ պարմանիներուն, որոնց գերագոյն եւ անկիզելի երազն է «Ամբողջական Հայաստան ամբողջական հայութեամբ» տեսլականը…:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES