ՅԱՐՈՒԹ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ «ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ
Հայ մշակոյթի մեկենաս, լիբանանահայ Յարութ Խաչատուրեան 17 սեպտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ նախագահական նստավայրին մէջ պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով` տասնեակ տարիներ շարունակ սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ վասն հայ երգ-երաժշտութեան, մշակոյթին եւ ԱԲԳ-ի պահպանման եւ տարածման սուրբ գործին մէջ տարած իր աշխատանքին համար:
Արուեստներու մեկենաս Յարութ Խաչատուրեանի մտայղացումն է ԳՈՀԱՐ-ը. 1997-էն ի վեր ան կը շարունակէ նիւթապէս եւ բարոյապէս հովանաւորել ԳՈՀԱՐ-ի ամբողջ գործունէութիւնը` ի յիշատակ իր հօր` Արամ Խաչատուրեանի եւ ի յարգանս իր մօր` Գոհար Խաչատուրեանի:
ԳՈՀԱՐ-ը կ՛առաջնորդուի հայկական ԱԲԳ-ով եւ սատար կը կանգնի հայ ուսուցիչին` հպարտութեամբ ծածանելով Կիլիկիոյ Թագաւորութեան դրօշը:
CATEGORIES Հայկական


