ՍԱՐՔՈԶԻ 6 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի 6-7 հոկտեմբերին Հարաւային Կովկաս պիտի այցելէ:
Այցելութեան ընթացքին Սարքոզի հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը հարցեր, որոնց շարքին ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը:
CATEGORIES Միջազգային