«ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԱԾ Է ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԳԾՈՎ ԻՐ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾՑՆԵԼ Կ՛ԸՍԷ ՖԻՈՒԼԷ

Շթեֆան Ֆիուլէ

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Շթեֆան Ֆիուլէ յայտարարած է, որ «Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է հետեւողական կերպով մեծցնել իր դերը շրջանային, օրինակի համար` ղարաբաղեան եւ մերձտնեսթրեան տագնապներու  լուծման մէջ»:

Եալթայի մէջ «Ուքրանիան եւ աշխարհը. ընդհանուր մարտահրաւէրներ, ընդհանուր ապագայ» տարեկան հանդիպումին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆիուլէ ըսած է, որ Եւրոպական Միութիւնը նշեալ շրջանին մէջ «վստահութեան վերականգնման ծրագիրներու կը սկսի», եւ այդ խնդիրներուն լուծման մէջ աւելի մեծ դեր պիտի ստանձնէ, ինչ որ, սակայն, չի նշանակեր, թէ Եւրոպական Միութիւնը «մէկ օրուան մէջ պիտի փոխէ այդ որոշումներու շրջանակները»:

Ան շեշտած է, որ նախապէս Եւրոպական Միութիւնը միշտ շատ համեստ դեր ունեցած էր տագնապներու լուծման հոլովոյթներուն մէջ եւ

«պահուըտած» էր այլ կազմակերպութիւններու ետին»:

Share this Article
CATEGORIES