ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՕԹԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԱՐԳԻԼԵԼ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Անգարա ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ իսրայէլեան ներկայացուցչութիւն բանալու Թել Աւիւի խնդրանքը վեթոյի պիտի ենթարկէ:
Այս տարուան ապրիլին արտաքին գործոց նախարարներու Պերլինի խորհրդաժողովին ընթացքին Թուրքիա բողոքած էր այս հարցին առնչութեամբ, հակառակ անոր որ Իսրայէլի քայլերը Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնեցուած եղած են:
Իսրայէլ այս տարի արդէն փորձ կատարած է Միջերկրականի շրջանին մէջ համագործակցութեան հետ կապուած իր ներկայացուցչութիւնը ՕԹԱՆ-ի մէջ բանալու: Սակայն թուրք դիւանագէտները կը շեշտեն, որ իսրայէլեան փորձը վեթոյի ենթարկելու որոշումը վերջնական չէ եւ քաղաքական իրավիճակէն կախեալ է:
CATEGORIES Միջազգային