«ՆԵՐԿԱՅ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆՑ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷԿ ԲԱՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՓՈԽՈՒԻԼ, ԱՅԴ ԱԼ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆ Է» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՊԱՅՆԸՐ

Ճոն Պայնըր

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պայնըր Սինսընաթիի մէջ Հրէական ազգային ֆոնտին կազմակերպած մէկ հաւաքին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի հետ կողք կողքի պէտք է կանգնին:

Ան նշեց, որ «Իսրայէլ ինքզինք չի մեկուսացներ, Իսրայէլ Միջին Արեւելքի մէջ յառաջատար երկիր մըն է: Ան առանձին չի կենար, այլ վերը կը կենայ` իբրեւ Միջին Արեւելքի մէջ ազատութեան եւ առիթի իսկական փարոս մը»` աւելցնելով, որ «մենք այստեղ ենք, որպէսզի երաշխաւորենք, որ Իսրայէլ շարունակէ բարգաւաճիլ»:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահը ընդգծեց, որ «ներկայ փոփոխութեանց ժամանակաշրջանին մէկ բան չի կրնար փոխուիլ, այդ ալ Իսրայէլի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնն է»: Ան զգուշացուց, որ «Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ ահաբեկչական յարձակումներու թիրախ են»` աւելցնելով, որ «Իսրայէլ այս շաբաթ կը դիմագրաւէ երկու սպառնալիքներ` ՄԱԿ-ի կողմէ անկախութեան ճանաչումի պաղեստինեան պահանջը եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի Տըրպընի խորհրդաժողովը, զոր Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի դէմ կը նկատեն»:

 

Share this Article
CATEGORIES