ԸՍՏ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԵՏ «ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔ» ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԷ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը Միջին Արեւելքի մէջ «Ժողովրդավարութեան առանցք» կազմելու համար Եգիպտոսի հետ պիտի դաշնակցի:

Ան նշեց, որ «անիկա (Ժողովրդավարական առանցքը) ոչ մէկ երկրի` ո՛չ Իսրայէլի, ո՛չ ալ Իրանի դէմ պիտի ըլլայ, այլ ժողովրդավարութեան` իսկական ժողովրդավարութեան համար պիտի ըլլայ»` աւելցնելով, որ «ատիկա հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, Սեւ ծովէն մինչեւ Սուտանի Նեղոսի հովիտ մեր շրջանին մէջ մեծագոյն երկու երկիրներուն միջեւ ժողովրդավարութեան առանցք մը պիտի ըլլայ»:

Տաւութօղլու նախատեսեց, որ Եգիպտոսի մէջ Թուրքիոյ ներդրումները յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին 1.5 միլիառ տոլարէն 5 միլիառ տոլարի բարձրանան, իսկ փոխադարձ առեւտուրը 2012-ի աւարտին 3.5 միլիառ տոլարէն բարձրանայ 5 միլիառ տոլարի, իսկ 2015-ին` 10 միլիառ տոլարի:

Share this Article
CATEGORIES