ՄԱՆՍՈՒՐ – ՄՈԱԼԼԵՄ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի հետ:

Քննարկուեցան Սուրիոյ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած քայլերը` պահպանելու համար Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնն ու բարեկարգումի ընթացքը:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Մանսուր շեշտեց, որ Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդին մէջ պիտի վերահաստատէ, որ կառչած կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան, սակայն նաեւ պիտի շեշտէ, որ կը մերժէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն մէջ որեւէ օտար միջամտութիւն, ինչպէս նաեւ Սուրիան դատապարտող որեւէ բանաձեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES