ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԻՍՏԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ ՎԱՂՈՒԱՆ

Խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին խորհրդարանին մէջ գումարեցին մէկ այլ նիստ, որուն ընթացքին շարունակեցին քննարկել ելեկտրականութեան տագնապի լուծման յատուկ ծրագիրը, որ ստացած էր կառավարութեան վաւերացումը:

Խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին ընթացքին խորհրդարանական փոքրամասնութիւնը ներկայացնող քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն կողմէ ցուցաբերուեցաւ քինախնդիր մօտեցում, որուն ծիրին մէջ անոնք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ծրագիրին վրայ զետեղեցին պայմաններ` զայն նկատելով անվստահելի ծրագիր մը:

Պասիլի կատարած մեկնաբանութիւններուն ընթացքին Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխանները փորձեցին անոր դէմ յայտարարութիւններ կատարելով մթնոլորտ ստեղծել նիստին ընթացքին, որուն սակայն միջամտեց վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ, որ շեշտեց, թէ պէտք է լրջօրէն քննարկել ելեկտրականութեան տագնապի լուծման այս ծրագիրը:

Այս ծիրին մէջ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կազմող երեսփոխանները առաջարկեցին, որ այդ ծրագիրին մասին արձանագրուած դիտողութիւնները եւ ծրագիրը փոխանցուին խորհրդարանի ընդհանուր ժողովին:

Ի վերջոյ նիստը յետաձգուեցաւ վաղուան. կը նախատեսուի, որ վաղը կատարուի նաեւ ծրագիրի վաւերացման քուէարկութիւն:

Share this Article
CATEGORIES