ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻԱ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ԻՐԱՆԵԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻ ՄԸ ԿԸ ՍՏԻՊԷ ԷՋՔ ԿԱՏԱՐԵԼ
Թրքական «Վաթան» օրաթերթին կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը երէկ Իրանէն Սուրիա ուղղուող օդանաւի մը ստիպած է էջք կատարել Տիգրանակերտի օդակայանը:
«Անթոնով» տիպի բեռներ փոխադրող օդանաւի` Թուրքիոյ օդային տարածք մուտք գործելէն անմիջապէս ետք, թրքական կողմը օդանաւի անձնակազմէն պահանջած է անյապաղ էջք կատարել: Որոշ ժամանակ ետք Թուրքիոյ օդուժը երկինք բարձրացուցած է երկու «Էֆ-16» տիպի կործանիչներ, որոնց ուղեկցութեամբ իրանեան օդանաւը էջք կատարած է Տիգրանակերտի օդակայան:
Ըստ «Վաթան»ի, թրքական կողմը կասկածներ ունի, որ իրանեան օդանաւին մէջ հիւլէական զէնք գոյութիւն ունի:
CATEGORIES Միջազգային