ԼԻՊԻԱ. ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՅԱՌԱՋԱՆԱԼ
Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի ուժերը երէկ շարունակեցին յառաջանալ դէպի արեւելք, մինչ ըմբոստները զայրոյթ եւ յուսախաբութիւն յայտնեցին, որ Արեւմուտքը իրենց օժանդակութեան չի փութար:
Քազզաֆիի ուժերը երկու օր անդադար Աժտապիան ռմբակոծելէ ետք տիրեցին անոր մեծ մասին, սակայն խոստովանեցան, որ քաղաքի կարգ մը շրջաններուն մէջ տակաւին դիմադրութեան կը հանդիպին: Աժտապիայի մէջ ըմբոստներու պաշտպանական գիծերու խզումը կը սպառնայ Քազզաֆիի ուժերուն դիմաց մինչեւ ըմբոստներու կեդրոնատեղի նկատուող Պենկազի ճամբան բանալ:
Վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, Քազզաֆիի որդի Սէյֆուլ Իսլամ երէկ յայտարարեց, որ իրենք Պենկազիի կը մօտենան, եւ ըմբոստներուն կոչ ուղղեց երկրէն հեռանալու: Ան «Եուրոնիուզ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Չենք ուզեր սպաննել, չենք ուզեր վրէժ լուծել, սակայն դո՛ւք, դաւաճաննե՛ր, վարձկաննե՛ր, դո՛ւք լիպիացի ժողովուրդին դէմ ոճիրներ գործեցիք, հեռացէ՛ք, խաղաղութեամբ դէպի Եգիպտոս հեռացէք»:
«Զինուորական գործողութիւնները վերջ գտած են: 48 ժամէն ամէն բան վերջացած պիտի ըլլայ: Մեր ուժերը գրեթէ հասած են Պենկազի: Որոշումը (ՄԱԿ-ի) ինչ ալ ըլլայ, շատ ուշ պիտի ըլլայ», ըսաւ Սէյֆուլ Իսլամ:
Քազզաֆիի ուժերը նաեւ յարձակում գործեցին Միսրաթայի դէմ, որ օրերէ ի վեր պաշարման տակ է եւ ժողովուրդին մօտ սննդեղէնը սկսած է սպառիլ: