ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ աւստրալիական դեսպանատունը` ընդառաջելով ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ներկայացուցած խնդրագիր-ծրագիրին, նուիրեց 15000 ամերիկեան տոլար:
Սոյն գումարը պիտի յատկացուի ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տարրալուծարանը յաւելեալ արդիական եւ մասնագիտական կազմածով մը օժտելու: Նշենք որ 2010 տարեշրջանին, աւստրալիական դեսպանատունը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը օժտած էր արդիական ատամնաբուժական չորրորդ կազմածով մը:
Այս առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ աւստրալիական դեսպանատան ներկայացուցիչներուն, որոնք կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ յաջորդաբար ներկայացուած երկու ծրագիրներուն նիւթապէս սատարեցին:
ԼՕԽ-ը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` շնորհիւ ԼՕԽ-ի բարգաւաճման եւ վերելքին հաւատացողներուն եւ զօրավիգ կանգնողներուն:
ԼՕԽ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ