ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ՄԱՐԳՐԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ 6 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ
Պահրէյնի մէջ արտակարգ դրութեան հաստատումէն մէկ օր ետք, զինուորներ եւ ոստիկաններ երէկ արշալոյսին արցունքաբեր ռումբեր եւ զրահապատ մեքենաներ օգտագործեցին` ցրուելու համար մայրաքաղաք Մանամայի Մարգրիտի հրապարակին վրայ նստացոյց կատարող հարիւրաւոր ցուցարարները: Յարձակումին պատճառով արձանագրուեցաւ 6 զոհ: Պահրէյնեան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ յարձակումին մասնակցեցան նաեւ սէուտական զրահապատ մեքենաներ:
Պահրէյնի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկու ոստիկաններ սպաննուեցան, երբ ինքնաշարժ մը վրայերթի ենթարկեց զիրենք: Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ անջատ դէպքի մը ընթացքին այլ ոստիկան մը եւս սպաննուեցաւ: Սէուտական Արաբիոյ մէջ ապահովական պաշտօնատար մը յայտնեց, որ սէուտցի ենթասպայ մը փամփուշտ մը ստանալով սպաննուեցաւ:
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ երէկ յայտարարեց, որ Ծոցի երկիրներէն կազմուած «Կղզիի վահան»ի ուժերու Պահրէյն մուտք գործելը «ամօթալի արարք մըն է, որ ձախողութեամբ պիտի աւարտի»: Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ օտար ուժերու Պահրէյն մուտք գործելը անընդունելի նկատած էր:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր կարգին յայտնեց, որ պահրէյնեան ուժերն ու Պահրէյն ուղարկուած սէուտական ուժերը սխալ ընթացքի կը հետեւին: