ՌՈՒՍԻՈՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ԱՅՑԵԳՐԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ՎԵՐՑՈՒԵՑԱՒ

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ այցեգրային համակարգը երկկողմանի կերպով վերցուած է: Այդ ուղղութեամբ արձանագրութիւններու փոխանակումը տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի միացեալ մամլոյ ասուլիսէն առաջ:

Համաձայնութիւնը ի զօրու պիտի դառնայ 17 ապրիլին, որմէ ետք երկու երկիրներու քաղաքացիները 30-օրեայ այցելութիւններու պարագային մուտքի այցեգիրերու պէտք պիտի չունենան:

Share this Article
CATEGORIES