ԺՈՐԺ ՍԱԼԻՊԱ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երէկ առաւօտ Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լեռնալիբանանի ասորի ուղղափառ առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոսին այցելութիւնը:

Սալիպա եպիսկոպոս վեհափառին փոխանցեց Հնդկաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին եղբայրական ողջոյնները: Յայտնենք, որ վերջերս Սալիպա եպիսկոպոս այցելութիւն տուած էր Հնդկաստան: Այս առիթով լայնօրէն քննարկուեցան Հնդկաստանի ուղղափառ եկեղեցիին մէջ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները եւ մանաւանդ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին առնչուած շարք մը հարցեր: Շաբաթ մը առաջ վեհափառը Կիպրոսի մէջ նախագահած էր Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան բացառիկ նիստին:

Share this Article
CATEGORIES