ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ ՑՆՑԵՑ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՆԳԱՐԱՆ

Պայթումին վայրը

Պայթում մը երէկ ցնցեց Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարան` պատճառելով առնուազն 2 զոհ եւ 15 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ:

Պայթումը տեղի ունեցաւ Անգարայի Քըզըլայ թաղամասին մէջ` կառավարական շէնքերէն, ներառեալ` վարչապետարանէն, թրքական բանակի սպայակոյտի գրասենեակէն եւ շարք մը նախարարութիւններէ նուազ քան մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտնեց, որ պայթումին պատճառը ական մըն է, թէեւ Անգարայի կառավարիչը յայտնած էր, որ անիկա պիւթակազի մը հրկիզման պատճառով կրնայ եղած ըլլալ: Արընչ ըսաւ, որ «տեղեակ պահուեցայ, թէ Քումրուլար թաղին մէջ, վարչապետի գրասենեակին մօտ կանգնած ինքնաշարժի մը մէջ պայթում տեղի ունեցած է եւ ծանր վնասներ կան»: Ան աւելցուց, որ «կա՛մ ծանօթ, կա՛մ ենթադրուած է», որ պայթումին պատճառը ական մըն է:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ չորս փոխվարչապետներէն Պեշիր Աթալայ իր կարգին յայտնած է, որ 15 վիրաւոր արձանագրուած է, որոնցմէ 5-ին վիճակը ծանր է: Ան ըսած է, թէ զոհեր չկան:

 

Share this Article
CATEGORIES