ՇԱՐՊԵԼ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները, երկկողմանի գործակցութեան բարելաւումն ու Լիբանանի ընտրական օրէնքին ու երկրին ապահովական կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ բրիտանական դեսպանատան համար անհրաժեշտ է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը` աւելցնելով, որ Մեծն Բրիտանիա կը զօրակցի Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան:
Բրիտանացի դեսպանը դիտել տուաւ, որ իրենք Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը շատ զգայուն կը նկատեն` նկատել տալով միաժամանակ, որ ինք կարգ մը լիբանանցի պատասխանատուներու հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է այս իմաստով եւ դրական ու յուսադրիչ պատասխաններ լսած անոնցմէ:
Շարպելի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն, որուն ընկերակցեցաւ ֆրանսական դեսպանատան ապահովական կցորդ Նիքոլա տը Քլերք:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ֆրանսայի կողմէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին պաշտպանութեան յատկացուելիք ապահովական հսկայ ծրագիրի մը գործադրութեան կարելիութիւնները: