ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Եուսեֆ Անտարիի կողմէ ստորագրուած յօդուած մը, որուն մէջ ան կը հաստատէ, որ եթէ արաբական «յեղափոխութիւններուն» մէջ մնայուն կերպով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի շուքն է, որ կ՛երեւի, օսմանեան իր տարազով, ապա ուրեմն արաբական աշխարհը կ՛ապրի աշուն մը եւ ոչ թէ գարուն: Յօդուածագիրը կ՛ընդգծէ, որ Էրտողանին հետեւող արաբ ժողովուրդը հաստատ կերպով պիտի ապրի արաբական աշուն մը, որովհետեւ ան չի տեսներ անոր յետին միտքերուն մէջ թաղուած Օսմանեան կայսրութեան հին երազ մը իրականացնելու ցանկութիւնը:

– Անդրադարձ` Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու ամերիկեան ջանքերուն:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Սաֆիր», «Անուար» եւ «Շարք» օրաթերթերը):

– Լրատուութիւն այն մասին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կը շեշտէ, որ Թուրքիա ստիպուած էր ընտրելու Սուրիոյ վարչակարգին եւ սուրիացի ժողովուրդին միջեւ, եւ այդ պատճառով ալ ան ընտրեց երկրորդը, որովհետեւ Անգարայի արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է դրացի երկիրներուն հետ հարցեր չունենալու սկզբունքին վրայ:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ» եւ «Սաֆիր» օրաթերթերը):

«ՏԻԱՐ»

– Ակնարկ. Թուրքիա կը սպառնայ Եւրոպական Միութեան հետ իր յարաբերութիւնները սառեցնել, եթէ Կիպրոս ստանձնէ անոր նախագահութիւնը:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Շարք Աուսաթ», «Սաֆիր», «Լորիան լը Ժուր», «Տէյլի Սթար», «Շարք» եւ «Հայաթ» օրաթերթերը):

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»

– Իր տեղեկութիւնները քաղելով «Ինտիփենտընթ» օրաթերթէն` «Ժումհուրիա» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ «Էրտողանի քաղաքական մեղրալուսինը» պիտի հասնի իր աւարտին, երբ ան Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ստանայ վճռակամ պատասխան մը` իր կեցուածքներուն եւ արարքներուն մասին: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Թուրքիոյ վարչապետը մօտիկ ապագային պիտի ըմբռնէ, որ Անգարայի համար անկարելի է Միջին Արեւելքի մէջ բոլորին բարեկամը դառնալ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»

– Թուրքիա դարձեալ կը հիւրընկալէ Սուրիոյ վարչակարգին ընդդիմադիր Իսլամ եղբայրներու գործադիր խորհուրդին խորհրդաժողովը:

Share this Article
CATEGORIES