ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ԸՆԹԱՑԻԿ ՆԻՍՏԸ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 76 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, գլխաւորաբար`   պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին կառուցման վերաբերող հարցեր:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի դրուատեց ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ իրագործուած նուաճումը, որուն ծիրին մէջ կարելի եղած էր ձերբակալել 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգող զինեալ խմբակին անդամները: Ան նկատել տուաւ, որ իրենց հետապնդումները շարունակելով` ներքին ապահովութեան ուժերը փաստեցին, թէ այդ ուժերը գործնականի վերածած են քաղաքական այն որոշումը, թէ երկրին ապահովութիւնը կարմիր գիծ է:

Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ կրթական մարզին վերաբերող հարցեր, յատկապէս կրթաթոշակներուն վերաբերող:

ՄԻՔԱԹԻԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ ընդունեց վառելանիւթի կայաններու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքսը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ վարչապետէն խնդրած է պենզինի թիթեղին սակը հաստատել որոշ գումարի մը վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ սենտիքան երկու տարիէ ի վեր կը պահանջէ հաստատել պենզինի թիթեղին սակը, ինչպէս նաեւ ջնջել մազութի թիթեղի սակին վրայ պարտադրուած յաւելուած արժէքի տուրքը:

Վարչապետին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ Միքաթիի հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ տուրքերու լիբանանեան միութեան մէկ պատուիրակութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES