ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ՅԱՐԳԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՑ ՇԱՐՔԻՆ ՆԱԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՈՐՈՇՈՒՄԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը յարգէ միջազգային որոշումները, որոնց շարքին նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ յանձնառութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան ժողովրդավարական խորհրդարանական հանրապետութիւն մըն է, որ կը յարգէ ընդհանուր ազատութիւնները:
Նախագահ Սլէյման նկատել տուաւ, որ շրջանային շարժումներուն եւ զարգացումներուն հետեւելու ծիրին մէջ, Լիբանան կ՛ողջունէ բարեկարգումներու խաղաղ միջոցներով իրագործումը, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ մարդ անհատի արժանապատուութեան ու ազատութիւններուն պահպանումը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ ժամանակը հասած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ փոխըմբռնում գոյացնելու: «Այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել, որպէսզի կարելի ըլլայ հիմնել պաղեստինեան պետութիւնը եւ զայն ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամ դարձնել, բայց եւ այնպէս նկատի ունենալ, որ նման պետութեան հիմնումը պաղեստինեան հարցին ամբողջական լուծում մը չ՛ապահովեր, հետեւաբար ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն պէտք է շարունակէ պաղեստինցի գաղթականներուն հոգատարութիւնը, մինչեւ որ իրագործուի պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը` վերջ տալով զանոնք իրենց գտնուող երկիրներուն մէջ բնակեցնելու հաւանականութեան», ըսաւ Սլէյման:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանան լիպիացի պատասխանատուներէն կ՛ակնկալէ բացայայտել իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն ճակատագիրը:
Հանրապետութեան նախագահը պահանջեց նաեւ դատապարտել Իսրայէլը եւ հատուցումներ պահանջել անկէ` Լիբանանի մէջ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին իր նետած տարանջատուող ռումբերուն եւ իր պատճառած մարդկային վնասներուն համար:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանան կառչած պիտի մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` կոչ ուղղելով միջազգային ընտանիքին` ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան գործադրէ միջազգային բանաձեւերը, վերջ տայ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր օդուժին գործած ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ հեռանայ իր բռնագրաւած հողերէն:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման Նիւ Եորքի մէջ նախանցեալ երեկոյեան հանդիպումներ ունեցած էր Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ:


