ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԿԵՐՊՈՎ ՆՇԵՑ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսը:

Տակաւին առաւօտեան ժամը 10:00-էն զօրահանդէսին մասնակցող հրետանին եւ զօրամասերը կեդրոնացած էին Հանրապետութեան հրապարակին յարող Նալբանդեան, Աբովեան, Ամիրեան եւ Վազգէն Սարգսեան փողոցներուն մէջ: Հազարաւոր քաղաքացիներ առաւօտէն տեղեր գրաւած էին փողոցներուն եւ հրապարակին երկայնքով` անկախութեան զօրահանդէսը եւ շքերթը դիտելու համար:

Զօրահանդէսի հրամանատար, Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրով անձնակազմը ստուգելէն ետք զօրահանդէսի սկիզբի ազդանշանը տուաւ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան զօրահանդէսը ընդունեց եւ ողջոյնի խօսք յայտնեց մասնակիցներուն, ապա Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին զեկուցեց, որ զօրքերը պատրաստ են զօրահանդէսին:

Դիմելով անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսի բոլոր մասնակիցներուն` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ այսօր Հայաստան իր բոլոր խնդիրներով հանդերձ կայացած երկիր է, իսկ անոր վկան է այսօրուան զօրահանդէսը, իսկ ամէնէն սուղը անկախութեան սերունդն է, որ ազատ երկրի քաղաքացի է, եւ ինքզինք չի պատկերացներ այլ կարգավիճակի մէջ ու շատ բան ունի տալիք իր երկրին եւ ժողովուրդին:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ երկու տասնամեակներու ընթացքին Հայաստան յաջողած է հսկայական թռիչք արձանագրել, բայց տակաւին շատ ընելիքներ կան: «Թէ՛ ձեռքբերումները, թէ՛ բացթողումները մերն են: Այդ գիտակցութեամբ յաջորդ 20 տարիներուն ի զօրու ենք կառուցելու երկիր մը, որ մօտ պիտի ըլլայ մեր իտէալներուն, քանի որ ես կը հաւատամ մեր հաւաքական ուժին», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Ըստ Հայաստանի նախագահին, ասիկա հազարամեակներու լրջագոյն պատմութիւն ունեցող, բայց 20 տարեկան Հայաստանն է` 20 տարեկանի աւիւնով, լաւատեսութեամբ եւ համարձակ ծրագիրներով, բայց ոչ` 20 տարեկանի միամտութեամբ: Ան յայտնեց, որ ասիկա նոր Հայաստանն է, զոր այլեւս անկարելի է խաբել, պարտադրել կամ շանթաժի ենթարկել, անոր հետ կարելի է բարեկամանալ եւ համագործակցիլ, օրինակ ծառայել եւ վերցնել. ասիկա նոր Հայաստանն է, որ կը յիշէ շատ բան, բայց յիշաչար չէ, տեսած է շատ բան, բայց հայեացքը ուղղած է ապագային:

«Այս զօրահանդէսը հայութեան յաւերժական երթի լուսաւոր դրուագն է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը 20 տարեկան է, փա՜ռք Հայաստանի Հանրապետութեան, փա՜ռք Հայաստանի զինեալ ուժերուն: Ուռա՜», զօրահանդէսին բացումը ազդարարեց հանրապետութեան նախագահը:

Այնուհետեւ հնչեց Հայաստանի օրհներգը, որմէ ետք զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրով զինուժը հրաւիրեց հանդիսաւոր երթի:

Զօրահանդէսի աւարտէն ետք սկսաւ օդային շքերթը: Երեւանի երկինքին վրայ շրջեցան օդային շքերթի մասնակից «Սու-25» պատերազմական օդանաւները` զօր. Ստեփան Գալստեանի գլխաւորութեամբ: Անոնք պատկերեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական Եռագոյնը:

Փոխգնդապետ Յարութիւն Զաքարեանի գլխաւորութեամբ անցաւ ուսումնական «Լ-39» օդանաւներու խումբը: Ի դէպ, այս օդանաւներով կ՛իրականացուի երիտասարդ օդաչուներու պատրաստման հոլովոյթը:

Ուղղաթիռները շարունակեցին շրջիլ: «Մի-24» մարտական ուղղաթիռներու խումբը կը գլխաւորէր առաջին կարգի օդաչու, մարտական ծառայութեան մետալի ասպետ, գնդ. Սամուէլ Սիանոսեան: «Մի-8» ռազմական-փոխադրամիջոցային մարտական ուղղաթիռները կը մասնակցէին փոխգնդապետ Սերկէյ Յարութիւնովի ուղեկցութեամբ: Օդային շքերթի աւարտը ազդարարեցին «Մի-2» ուղղաթիռները` փոխգնդապետ Արթուր Յակոբեանի գլխաւորութեամբ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք: Եկեղեցական կարգը կատարուեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ: Ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, խորհրդարանի եւ կառավարութեան անդամներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ ուրիշներ:

Հանրապետական մաղթանքով միասնաբար աղօթք կատարուեցաւ Հայաստանի ամրութեան եւ հաստատունութեան, խաղաղութեան եւ բարօրութեան համար:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս նշեց, որ անկախ պետականութեան վերականգնումը հայ ազգի կեանքի մեծագոյն իրադարձութիւնն է, որ նոր յոյսեր բերած է եւ նոր հորիզոններ պարզած է ժողովուրդին առջեւ:

«Այսօր առ Աստուած գոհութեան, հպարտութեան, երջանկութեան զգացումներ կան մեր հոգիներուն մէջ: Երջանիկ ենք, այո՛, քանի որ հայոց պետականութեան վերականգնման այս օրհնեալ օրը շատ սերունդներ երազած են: Այս օրուան համար մեր ժողովուրդի մեծանուն շատ զաւակներ ջանք եւ նուիրում ներդրած են եւ շատերը իրենց կեանքը ընծայաբերած», յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդը երջանիկ է այն համոզումով, որ հայոց պետականութեան դրօշին ներքեւ իր հայրենիքը պիտի դառնայ երկնային օրհնութեամբ լեցուն երկիր-դրախտավայր, որ պիտի ըլլայ միշտ սիւնը եւ պատուարը, հայ ժողովուրդին ինքնութեան արմատը եւ ակունքը:

Խօսելով դժուարութիւններուն մասին` Գարեգին Բ. կաթողիկոս նշեց, որ ոչինչ ընկճեց հայ ժողովուրդը: Ըստ անոր, հայերը դիմագրաւեցին իրենց պարտադրուած պատերազմը, շրջափակումը, տնտեսական փլուզումներու բոլոր դժուարութիւնները եւ զրկանքները: Ամենայն հայոց վեհափառը նշեց, որ անոնց համընթաց Հայաստանի Հանրապետութեան կառոյցները ամրացան, տնտեսութիւնը եւ հասարակական կեանքը վերակառուցուեցան, մեծագոյն ջանքեր գործադրուեցան երկրին ապահովութիւնը եւ խաղաղութիւնը ամրապնդելու համար:

«Այո՛, յաղթանակները եւ ձեռքբերումները դիւրին չտրուեցան, ունեցանք նաեւ ներքին ցնցումներ: Այսօր ալ քիչ չեն մեր դժուարութիւնները, քիչ չեն տնտեսական, քաղաքական խնդիրները, զորս մեր ժողովուրդը կը շարունակէ դիմագրաւել պետութեան նկատմամբ ունեցած պատասխանատուութեամբ, նուիրումով, հաւատքի եւ լաւատեսութեան նոյն ոգիով», ըսաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Վեհափառը նկատել տուաւ, որ ազատ եւ անկախ հայրենիքը մեծ փոփոխութիւն եւ տեղաշարժներ բերած է համազգային կեանքին մէջ, միաւորած է եւ կենսաւորած է հայ ժողովուրդին ուժերը, ջանքերը եւ կարելիութիւնները:

«Հայրենի մեր պետականութեան արեւը բարձրացած է: Այն, ինչ որ պատմութիւնը յաճախ մերժած է մեզի` խաղաղութիւն, արդարութիւն, իրաւունք, կեանքի խնդութիւն, մեր հողին վրայ պիտի ծաղկին», աւելցուց վեհափառը: Ան նշեց, որ պէտք է շարունակել հզօրացնել հայրենիքը, որպէսզի անիկա ըլլայ ազգի հաւաքականութեան, ազգային մտածողութեան եւ հոգեւոր ներուժի ակունքը եւ յենարանը:

«Աղօթե՛նք խոնարհելով հայրենիքի համար զոհուած հերոսներու անմահ յիշատակին առջեւ եւ խնդրենք, որ Աստուած իր սուրբ աջի հովանիին ներքեւ խաղաղ պահպանէ մեր հայրենիքը, հայոց բանակը», ըսաւ ան:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին նշեց, որ անկախութիւնը աստուածային պարգեւ է: Ըստ անոր, Հայոց պետութեան առջեւ դրուած են շարք մը մարտահրաւէրներ:

«Փառք քեզ Աստուած, որ մեր ժողովուրդին անկախութիւն շնորհեցիր: Մենք պէտք է միասնական ըլլանք եւ շարունակենք մեր հայրենիքը հզօրացնել: Իւրաքանչիւր հայու համար անկախութիւնը պէտք է կեանքի ճամբայ դառնայ: Աղօթենք առ Աստուած, որ մեր պետութիւնը զօրեղ եւ անսասան պահէ», նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

ԵՌԱԲԼՈՒՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան երկրին բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ երէկ այցելեց Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն եւ յարգանքի տուրք մատուցեց իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁՆԵՐ

Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհաւորած են Գերմանիոյ նախագահ Քրիսթիան Վուլֆ, Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհին, Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր, Շուէտի թագաւոր Քարլ Կուսթաւ ԺԶ., Զուիցերիոյ նախագահ Միշլին Քալմի-Ռէյ, Չեխիոյ նախագահ Վացլաւ Քլաուս, Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյման, Պուլկարիոյ նախագահ Կէորկի Փրվանով, Իրլանտայի նախագահ Մերի Մըքելիս, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, Խըրխըզիստանի նախագահ Ռոզա Օթունպայեւա, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն, Սինկափուրի նախագահ Թոնի Թան:

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի իր ուղերձին մէջ իր եւ Ֆրանսայի անունով լաւագոյն շնորհաւորանքները յղեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ բոլոր հայերուն: Ան նշեց, որ 21 սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստան վերահաստատեց կապը պատմութեան հետ եւ վերստին ստանձնեց իր ճակատագիրի տնօրինումը: Ըստ անոր, Հայաստան կրնայ հպարտ ըլլալ վերջին քսան տարիներուն ընթացքին` շատ յաճախ դժուար պայմաններու մէջ իրագործուած իր նուաճումներով: Նախագահ Սարքոզի յայտնեց, որ Հայաստան ժողովրդավարութիւնը կերտած է, անցած է շուկայական տնտեսութեան եւ իր տեղը գտած է միջազգային թատերաբեմին վրայ: Ան շեշտեց նաեւ, որ ատիկա իրագործած է նաեւ շնորհիւ իր ժողովուրդի խիզախութեան եւ աշխատասիրութեան, որուն արժանին կը մատուցեն:

Ըստ նախագահ Սարքոզիի, այս տարիներուն ընթացքին պատմական հինաւուրց եւ ամուր կապերով միաւորուած Ֆրանսան եւ Հայաստանը զարգացուցած եւ անընդմէջ խորացուցած են բեղմնաւոր համագործակցութիւնը բոլոր ասպարէզներուն մէջ:

«Վստահ եղէ՛ք, որ Ֆրանսա Հայաստանի, իր բարեկամին կողքին է` օգնելու անոր դիմակայելու մարտահրաւէրները: Ես առիթ կ՛ունենամ ձեզի դարձեալ շնորհաւորելու եւ բարձրաձայն արտայայտելու Ֆրանսայի բարեկամութիւնը Փարիզ կատարելիք ձեր պաշտօնական մօտակայ այցելութեան ընթացքին, այնուհետեւ Հայաստան կատարելիք իմ պետական այցելութեանս ժամանակ, որուն պատիւը եւ հաճոյքը կ՛ունենամ յառաջիկային», գրած է նախագահ Սարքոզի:

Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշեց, որ Իրանի եւ Հայաստանի պատմամշակութային առնչութիւնները ստեղծած են լայն կարելիութիւններ` երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման համար:

Ան համոզուած է, որ Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ կնքուած համաձայնութիւններուն հետամուտ ըլլալով պիտի ստեղծուին պայմաններ` երկկողմանի, շրջանային եւ միջազգային ասպարէզներուն մէջ երկու երկիրներու փոխադարձ յարաբերութիւնները աւելի ընդլայնելու համար:

«Աստուծմէ կը խնդրեմ ձերդ գերազանցութեան քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ բարեկամ Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին` բարօրութիւն եւ երջանկութիւն», յայտնեց Իրանի նախագահը:

ԿԻՒԼ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Թուրքիոյ նախագահական պալատէն անանուն աղբիւր մը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է:

Կիւլի ուղերձին բովանդակութեան մասին առայժմ ոչինչ կը հաղորդուի:

,

Share this Article
CATEGORIES