ԵՒՐՕ-2012. ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՏՈՄՍԵՐԸ ՑԱՐԴ ՉԵՆ ՍՊԱՌԱԾ
Այնպէս կը թուի, որ յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին Հայաստան – Մակեդոնիա մրցումով հետաքրքրուած չեն մակեդոնիացի համակիրները` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Մակեդոնիոյ ֆետերասիոնէն ոչ մէկ լուր կամ տեղեկութիւն ստացած է այդ ուղղութեամբ: Ըստ ՖԻՖԱ-ի եւ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի օրէնքին, հիւր կազմը իրաւունք ունի տպագրուած տոմսերուն հարիւրէն 5 տոկոսը պահանջելու:
Ինչ կը վերաբերի հայ համակիրներուն, անոնց մօտ հետաքրքրութիւնը որոշ չափով նուազած է` նկատի ունենալով, որ տոմս գնելու համար շարքեր չեն տեսնուիր:
Այժմ մնացած են միայն հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւններուն տոմսերը (3000 դրամ), մինչ աւելի սուղ տոմսերը (8000 եւ 5000 դրամ)` արեւմտեան եւ արեւելեան թրիպիւններուն մէջ, արդէն իսկ սպառած են:

